Անմոռանալի Օրեր Հայաստանի Մէջ. Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլը Կը Գրէ (մաս 5)

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Համահայկականի մարզիկներուն հետ ես ալ առիթ ունեցայ Ծիծեռնակաբերդ երթալու, բայց այնքան բազմութիւն կար, որ մեզ չընդունեցին թանգարանէն ներս։

Այնուհետեւ սիրելի Աննային հետ այցելեցինք Հայաստանի Հ1 հեռատեսիլի կայանի տնօրէն Գագիկ Պունիաթեանին։ Ան անգամ մը Պոլիս հեռաձայնած էր ինծի եւ հետաքրքրուած էր իմ երգով։ Ուստի ինծի համար շատ իմաստալից էին Պր. Պունիաթեանի գաղափարները։ Ան քաջալերած էր զիս, ըսած էր, որ պատրաստ էր ինծի օգնելու։ Ահա հիմա ան կը յարգէր իր խոստումը եւ զիս հրաւիրեց հեռատեսիլի յայտագրի։ Խոստացաւ տեսահոլոլովակս ցոյց տալ հեռատեսիլէն։ Սիրելի Աննան զիս ծանօթացուց նաեւ Հ1 կայանի աշխատակիցներուն հետ ուր ինք եւս աշխատեր է տարիներ առաջ։ Ծանօթացայ հաղորդավար Քրիստինէ Մելքոնեանի հետ, հոն էր նաեւ Կարէն Կիլոյեան, որուն հետ ծանօթացած էի աւելի առաջ, համերգի փորձի ընթացքին։ Հաղորդական անձեր էին, ինչ լաւ որ այսքան աշխոյժ երկխօսութիւն կը հաստատուէր անոնց եւ իմ միջեւ։

Գիշերը ժամը 19:00ին Փարվանա ճաշարանի մէջ Հանրապետութեան Նախագահը ճաշկերոյթ մը պիտի կազմակերպէր Համահայկական Խաղերու մասնակից մարզիկներու համար։ Ճաշի պահուն պատիւ ըրին, զիս նստեցուցին նախագահին սեղանը։ Բոլոր տեղերը ճշդուած էին յատուկ անուններով, եւ երբ Նախագահը ծափողջոյններու մէջ եկաւ ու նստաւ գրեթէ իմ դիմացս, ես ինծի ըսի. «Սիպիլ, բոլոր այս ապրումներդ եթէ երազ են, լաւ է որ չարթննաս, այսպէս շատ հաճելի է։ Գիտե՞ս թէ որքան բախտաւոր ես»։

Հրաշալի մթնոլորտ մը կը տիրէր Փարվանայի մէջ։ Ապա բաժակ բարձրացուցինք Հայրենիքի եւ Սփիւռքի կենացը խմելու։ Պրն. Զաքարեան զիս ծանօթացուց Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ բացման չէր կրցած ներկայ գտնուիլ Կիպրոս այցելութեան պատճառաւ։ Ես ալ իմ կարգին ձայնապնակս նուիրեցի Պր. Նախագահին։ Մարզիկներու մէկ մասը այսօր մեզի հետ էր, իսկ միւս մասը Ուրբաթ օր հանդիպում պիտի ունենար Նախագահին հետ։

Յայտագիրը բաւական խճողուած էր, բազմաթիւ երգիչ ու երգչուհիներ բեմ բարձրացան։ Պրն. Զաքարեան փափաք յայտնեց, որ ես ալ երգեմ «Տեսնեմ Անին»։ Հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ շատ սիրեցին իմ երգը, շատեր շրջապատեցին զիս, շնորհաւորեցին, հետս լուսանկարուեցան։

Ցերեկէ վերջ ազատ էի եւ որոշեցի ժամադրուիլ քանի մը հեռաւոր բարեկամներու հետ, որոնց հետ կը թղթակցէի ֆէյսպուքի վրայ։ Անոնց առաջարկեցի ժամը 18։30ին ժամադրուիլ Առագաստ Սրճարանի մէջ։ Իմ այս հրաւէրը թէեւ վերջին վայրկեանին եկած էր, այնուհանդերձ եկան Կարէն Մուխսեան, Գայիանէ Դաւիթեան, Արայիկ Մանուկեան, Իվէտա Թոնոյեան, Նայիրուհի Մուրատեան եւ Լիբանանահայ Կարապետ Մազլումեան, որ 6 տարիէ ի վեր կ’ապրէր Հայաստանի մէջ։ Կարապետ շատ գեղեցիկ ճերմակ վարդեր բերած էր։ Ես իրենց շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ իմ երգերս, տեսահոլովակներս կը բաժնեն իրենց շուրջիններուն։

Ժամը 20։00ին, Առագաստ սրճարան ժամանեց Պրն. Արտակ Վարդանեան, որ Խորհրդարանի աշխատակից էր, նաեւ գործակից Կարէն Մուխսեանի։ Երեքս նստանք եւ խօսեցանք օգտակար ծրագիրներու մասին։ Պրն. Արտակ ամիս մը առաջ տարեդարձիս առթիւ ըսած էր որ կ’ուզէր ինծի նուիրել իր կողմէ գրի առնուած երգի բառեր եւ շատ ուրախ կ’ըլլար եթէ Մաժակ Թօշիկեան յօրինումներ կատարէր այդ բառերուն վրայ։ Ան հետս հարցազրոյց մըն ալ ըրաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն օրաթերթի համար։

«Ֆէյսպուք»ի ընկերներէս մէկն էր նաեւ գծիկով ժապաւէններու բեմադրիչ Սուրիահայ Վրէժ Քասունի։ Ինքը չէր կրցած մասնակցիլ մէկ գիշեր առաջուայ մեր հանդիպումին։ Այդ պատճառաւ առաւօտուն զիս փնտռեց, ըսելու համար թէ կ’ուզէր զիս հրաւիրել նախաճաշի եւ շատ գոհ պիտի ըլլար եթէ ընթացք տայի իր հրաւէրին։ Գացինք Հալէպեան ճաշարան մը եւ ան ինծի յանձնարարեց համտեսել «Ֆուլ» անուն արաբական նշանաւոր ուտելիքը։ Մէկ կողմէ «ֆուլ» կերանք, մէկ կողմէ ալ ունեցանք հաճելի զրոյց, մօտաւորապէս երկու ժամ։ Ան ինծի ցոյց տուաւ գծիկով ժապաւէններու իր աշխատանքները, որոնք իսկապէս շատ յաջող էին։

Երազային պտոյտներս կը շարունակուէին։ Ցերեկին Պրն. Զաքարեանի որդին, Վարդան եւ ընկերուհին Սետա զիս առին, մեզի միացաւ իր քոյրը Յասմիկ, խօսեցեալը Խաչիկ, Շուշանիկ եւ ամուսինը Սեւակ։ Միասնաբար գացինք Դիլիջան եւ տեսանք Դիլիջանի հրաշալի բնութիւնը։ Տասը տարի առաջ արդէն հիացած էի այս վայրերուն վրայ։ Այցելեցինք հրաշալի եկեղեցին, ծանօթացանք տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տէր Շաւարշ Քհնյ. Սիմոնեանի հետ։ Տէր Հայրը մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ մասին։ Ինք շատ լաւ կը ճանչնար մեր Սահակ Սրբազան Մաշալեանը։ Տէր Հօր հետ խօսեցանք վախճանեալ Շնորհք Պատրիարքին մասին, ինչ որ իմ մէջ արթնցուց թանկագին յուշեր։ Ես որքան շատ կը սիրէի Շնորհք Պատրիարքը, որ պատճառ դարձած էր, որ փոքր տարիքէս սիրէի եկեղեցին։ Ես զինք կը համարէի իմ մեծ հայրերէս մէկը, զորս երկուքն ալ բնաւ չէի կրցած ճանչնալ։

Տէր Շաւարշ Քհնյ. Հայրը եւս շատ դրուատիքով խօսեցաւ Շնորհք Պատրիարքի բարեմասնութիւններուն մասին։ Այս խիստ հաճելի հանդիպումէն յետոյ հրաժեշտ առինք իրմէ եւ գեղեցիկ ճաշարան մը գացինք։ Ամէն ինչ անթերի էր։ Պրն. Զաքարեանի ընտանիքի բոլոր անդամները ջերմ հոգածութիւն ցոյց կուտային ինծի, կ’ուրախացնէին զիս։

(շարունակելի)

Սկիզբը՝

Մաս 1
Մաս 2
Մաս 3
Մաս 4

Tert.am

Scroll Up