Քահանայական Ձեռնադրութիւն Հալէպի Մէջ

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան քահանայ ձեռնադրեց Միհրան սրկ. Պալգէորգեանը, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նոր Գիւղ): Նախորդ օր, յետմիջօրէին, Կոչման արարողութիւն կատարուեցաւ` խարտաւիլակութեամբ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի, նոյն եկեղեցւոյ մէջ: Հակառակ երկրին անբարենպաստ պայմաններուն, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ականատես վկան ու աղօթակիցը եղաւ հոգեպարար եւ ներշնչող քահանայական ձեռնադրութեան: Առաջնորդ սրբազանը նորաօծ քահանան վերակոչեց պարգեւ եւ իր քարոզին մէջ բացատրելէ ետք անուան նշանակութիւնը Աստուածաշունչ մատեանին ու հայ եկեղեցւոյ գրականութեան մէջ, հրաւիրեց նոր քահանան ամբողջական ինքնաընծայումով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու հաւատացեալ հօտին: Այս առիթով Շահան եպս. Սարգիսեան հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները, քաջալերանքն ու շնորհաւորութիւնները: Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորական ժողովրդային հանդիպում: Թեմակալ առաջնորդի տնօրինումով նորաօծ քահանայ հայրը քառասնօրեայ ինքնամփոփման պահեցողութիւնը կը կատարէ նոյն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, իսկ անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ վկայի տօնին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պարգեւ քհնյ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շրջանաւարտ է: Անցնող մօտ հինգ տարիներուն գործեց թեմի դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ:

www.aztagdaily.com

Scroll Up