Հալէպի Մէջ Հրթիռարձակումի Իբրեւ Հետեւանք Վիրաւորուած Տիգրան Մանուկեան Մահացաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի Վիլլաներ թաղամասին մէջ հրթիռարձակումի իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած Տիգրան Մանուկեան մահացած է:
Յիշեցնենք, որ Տիգրան Մանուկեան 13 նոյեմբեր 2013-ին, հայահոծ Վիլլաներու թաղամասին մէջ հրթիռարձակումի իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած էր թաղեցի 4 այլ հայերու հետ:
Տիգրան Մանուկեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013-ին, Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Դամասկոս
Ականուած Ինքնաշարժի Պայթում`
Սոմարիէի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ մինչ հայեացքները ուղղուած են դէպի Քալամունի մարտերը, Դամասկոսի ապահովական լարուած իրավիճակը համեմատաբար թեթեւցած կը նկատուի, հակառակ ամէնօրեայ դրութեամբ հրասանդի հրթիռներու հարուածներուն, որոնք կը խլեն զոհեր գւ վիրաւորներ: Այդ պատճառով իսկ որոշ մտավախութենէ մեկնելով, անցեալ շաբաթ թիրախ դարձած շրջաններու, ինչպէս` Քասաայի եւ Պապ Շարքիի դպրոցները յաճախող աշակերտութեան թիւը մեծ չափով նուազած է:
Իսկ երէկ Դամասկոսի ծայրամասերէն Սոմարիէի հանրակառքերու կայանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած եւ վիրաւորուած են տասնեակ մը քաղաքացիներ: