Իսլամացուած հայերու նուիրուած խորհրդաժողովին եզրափակիչ զեկուցումները եւ այլ մանրամասնութիւններ

Մեր նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Պոլսոյ Պօղազիչի համալսարանին մէջ կայացած եւ «Խորհրդաժողով իսլամաց(ու)ած Հայերու մասին» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան առաջին երկու օրերու անցքերուն։ Ստորեւ կու տանք երրորդ օրուան՝ Նոյեմբեր 4ի նիստէն զեկուցումներ եւ այլ մանրամասնութիւններ։
Խորհրդաժողովին երրորդ օրւան նիստին, Ատնան Չէլիք մանրամասնօրէն անդրադարձած է իսլամացած Հայերու կեանքին մասին քրտերէն լեզուով գրուած երեք վէպերուն, իսկ Ռամազան Արաս ըսած է, թէ Հայերը միշտ ալ «դաւաճան» որակուած են։ Ան աւելցուցած է, որ ջարդերէն փրկուելու միակ ձեւը իսլամանալն էր եւ անոնք, որոնք կրցած էին ողջ մնալ, ընդունած էին իսլամութիւնը։ Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցած են Հելին Անահիտ եւ Անոյշ Սիւնի։ Առաջինը պատրաստած է բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյ մը, ուր ամփոփուած են 500 հոգիի հետ կատարուած հարցազրոյցները՝ «Ձեզի ի՞նչ զգացնել կու տայ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու գաղափարը» թեմայով։ Իսկ Անոյշ Սիւնի խօսած է այն հոգեկան վէրքերուն մասին, որոնք կը ստեղծուին անուններու բռնի փոփոխութենէն։ Ան անդրադարձած է նաեւ իրենց Հայրենիքէն պարտադրաբար բաժնուածներուն ապրած ողբերգութիւններուն։
Շատ տպաւորիչ եղած է Գրիգոր Աղապալօղլուի զեկուցումը, ուր ցնցող նախադասութիւններով խօսած է 1915ի Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան մասին։ Հիտայէթ Շէֆքաթլի իր կարգին շեշտած է թէ որքա՜ն դժուար է Թուրքիոյ մէջ Հայ ըլլալը։
Եռօրեայ այս համագումարին վերջին հաւաքը նուիրուած է «Թոռները» թեմային, եւ գլխաւոր թոռը արդէն փաստաբան Ֆեթհիյէ Չէթինն էր։ Ան ըսած է, թէ իսլամացած Հայերու ժառանգորդները կը վախնային իրենց հայկական արմատը բարձրաձայն հրապարակելէ եւ իրարու հետ փսփսուքով կը խօսէին։ «Հիմա այլեւս կարելի է բարձրաձայն խօսիլ»,- յայտարարած է ան՝ մասնաւորաբար դիտել տալով, որ նման համագումարներ պէտք է կազմակերպուին մանաւա՛նդ Անատոլուի մէջ։ Ապա զեկուցող մը բացատրութիւններ տուած է իսլամացած Հայերու հետ կատարուած հարցազրոյցներու մասին, որոնց արդիւնքէն ի յայտ եկած է, թէ մարդիկ այլեւս խօսելու ցանկութիւն ունին եւ կ՚ուզեն որ իրենց ըսածները արձանագրուին՝ դիւաններու համար, իսկ իսլամացածներու մէկ մասը կ՚ուզէ վերադառնալ քրիստոնէութեան։
Հետաքրքրական եղած է համշէնցի արուեստագէտ Հիքմէթ Աքչիչէքի ելոյթը։ Ան խօսելէ առաջ՝ համշէնի բարբառով ու յայտնապէս հայերէն բառերով երգ մը երգած է, որմէ ետք ըսած է, թէ համշէնցիներու արմատը հայկական է, սակայն ատիկա ըսելն անգամ մարդուս գլխուն փորձանք կրնայ բերել այս երկրին մէջ։
Այս շահեկան համագումարը ապացուցեց, որ 1915ին, հայ ժողովուրդը միայն ջարդով եւ տեղահանութեամբ մէկուկէս միլիոն չէր որ կորսնցուց, այլեւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք թէկուզ կ՚ապրէին բայց «այլեւս ոչ՝ որպէս Հայ», գոնէ արտաքնապէս։ Այսօր, իւրաքանչիւր Թուրք որ արեւելեան նահանգներէ կու գայ, կրնայ ինքն իրեն հարց տալ, թէ արդեօք իր ընտանիքի անցեալին մէջ ալ հայկական արիւն կա՞յ։
Այս համագումարին համար, կազմակերպիչները նախատեսած
էին Պօղազիչի համալսարանի 200
հոգինոց սրահ մը: Բայց ձեռնարկը այնպիսի հետաքրքրութիւն մը ստեղծած է, որ առաջին օրէն արդէն աւելի քան 650 հոգի արձանագրուած է: Անոնցմէ շատեր, բնականաբար կարելիութիւնը չեն ունեցած մուտք գործելու սրահ:
Այս վերջիններուն համար, համալսարանի մուտքին զետեղուած է հսկայ պաստառ մը, որու վրայ ուղղակի սփռուած է խորհրդաժողովը: Նոյնպէս, համալսարանի այլ սրահներու մէջ զետեղուած են պաստառներ, թոյլ տալով զեկուցումներուն հետեւիլ՝ առաջին 200 բախտաւորներու բանակէն դուրս մնացածներուն:
Գլխաշորերով կիներ ալ ներկայ եղած են: Անկասկած՝ «Թաքնուած Հայ»ու խօսուն պատկերը։
Այս ծրագրին իրագործման համար նիւթապէս իրենց նպաստը բերած են CHREST հիմնարկը, FREIDRICH EBERT STIFTUG գերմանական ոչ-շահադիտական ընկերակցութիւնը, որուն նպատակն է քաղաքացիական եւ քաղաքական մտքի կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Olof Palme միջազգային հիմնարկը:
«Նոր Յառաջ»