Նոր Հայը՝ Իսլամացածը

Ո՞վ է հայը, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ:

Թէեւ շատերուն համար այս հարցումը կրկնութին կը թուի ըլլալ, բայց նաեւ, միւս կողմէ ալ, կը կարծեմ, որ իրենց կորսուած յիշողութիւններու ծալքերը կրնայ բանալ:

Հայ ենք ու մինչեւ այսօր մեր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան տառապած ժողովուրդ մը եղած ենք: Այս է մեր ճակատագիրը, արդարացած ենք: Սակայն հակառակ այս ամբողջ ճշմարտութեան՝ այս օրերուն դարձեալ հարց կու տամ՝ ո՞վ է հայը:

Կը հաւատամ, որ մեր ապրած կեանքը հետաքրքրական, կամ աւելի ճիշդ, լաւ ու վատ անակնկալներով լեցուն ըլլալով հանդերձ, հոգեբանական կէտեր ալ ունի: Այսպէս, եթէ գիտենք, որ մեր հարցումը որոշ պատասխան մը չունի, առաւել հաճոյքով կրկին անգամ հարց կու տանք: Այս մէկը թէեւ կը նմանի օդին մէջ կրակելու պէս բանի մը, բայց ինծի համար մղձաւանջ ալ է:

Միտքս այս ծփացող խոհերէն ազատելու համար յստակացնեմ:

Նախ ըսեմ, որ այս օրերուն, գրեթէ ամէն առիթներով կը յիշենք ու կը վերյիշենք մեր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակները: Կը խօսինք մեր Դատի մասին ու մօտէն կը հետեւինք անոր հետզհետէ զարգացող ծալքերուն: Եւ յանկարծ մեր աչքին առջեւ կը պատկերացնենք այն նոր երեւոյթը, թէ տակաւին մեր պապենական հողերուն վրայ կ՛ապրին հայեր, որոնք իսլամացած են: Այլ խօսքով, մեր հարազատ հողերուն վրայ տակաւին իրենց հայութիւնը գաղտնօրէն պահող հայեր կ՛ապրին, որոնք կրօնով իսլամ են, իսլամ հայ:

Արդեօք նման բան կարելի՞ է ընդունիլ, հասկնալ, համակերպիլ:

Կ՛ենթադրուի, թէ աւելի քան երկու միլիոնի կը հասնի այս հայերուն թիւը, որոնց համար Մեծ եղեռնի օրերուն կեանքը ձեւով մը ունեցած էր տարբեր ներքին հաշտութիւն մը:

Մինչեւ հիմա շատ քիչ խօսուած է այս «հայերուն» մասին: Բայց երբ կամաց կամաց քաղաքականութեան սլաքը փոխուեցաւ, կարծես այս հարցը տագնապալի ծուխի մը նման եկաւ եւ լեցուց մեր էութիւնը:

Իսլամ հայեր:

Այս հայերը, մեկնելով իրենց հաւատքէն, կրնա՞նք հայ կոչել, անուանել կամ հայերու դասին շարել: Իսկ իրենք ալ իրենց կարգին, որքանո՞վ կ՛ընդունին իրենց հայ ըլլալը: Կ՛ուզե՞ն հայ սեպուիլ, թէ՞ ոչ կը նախընտրեն ներկայ իրենց այս իրավիճակը շարունակել: Ո՞ր աստիճանի է իրենց ենթագիտակցութիւնը:

Հաւատացէք, այս տողերը պարզ վանկերու խումբ մը չեն եւ ոչ ալ հանգերու տողանցք, այլ՝ սոսկ մտահոգութիւն եւ մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած հարցի մը յայտնաբերում: Իբրեւ աւանդապահ ժողովուրդի մը հարազատ զաւակ, բոլորս ալ գիտենք, որ եթէ հայ ես, ուրեմն քրիստոնեայ պէտք է ըլլաս, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս: Մինչեւ հիմա Քրիստոսով ու խաչով լեցուած էր մեր հաւատքը: Ուրիշ կրօն ընդունելի չէր: Եւ մեր դարաւոր կրօնին ու հաւատքին համար հեղեղի նման արիւն թափած էին: Վկա՛յ մեր պատմութիւնը:

Դարերէ ի վեր քրիստոնեայ ենք մեր երեք յարանուանութիւններով: Անհաւատ կամ միասեռական հայուն մասին չէ մեր ակնարկութիւնը:

Իսկ հիմա ալ՝ իսլամացած հայ: Ի՞նչ ըսել է իսլամ հայ, եւ աւելի՛ն, արդեօք նման հայերու ներկայութիւնը որքանո՞վ ընբռնելի է կամ ալ՝ ընդունելի: Այո, ոչ, չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ իսլամացած այս հայերը երկար ատենէ ի վեր ծածուկ ու մեր սրտերէն անգիտակ, կարծես մեզի հետ լռութեամբ կը խօսէին ու կ՛ապրէին գաղտնի, տեսակ մը ուրուականի նման: Հաւանաբար մեզի կը սպասէին, մեր գիտակցութեան զարգացման: Ահա այս օրերուն մէջտեղն են: Ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ զիրենք, իբրեւ հաւաքական կերպար ներառել մեր մէջ կամ խառնել հայութիւն կոչուած մեր ազգային արդէն իսկ խառն կաթսային մէջ:

Անկեղծօրէն ըսելով՝ ինծի համար այս հայերը տակաւին չեն նահանջած, չեն մեռած, կը շնչեն, կ՛ապրին: Հայ են, թէեւ տարբեր կրօն ունին: Մեր արիւնէն են, ուզենք կամ չուզենք, ու ճակատագիրի բերումով Քրիստոսի փոխարէն՝ տարբեր մարգարէի մը կը ծառայեն:

Ուստի կ՛ընդունիմ, որ նման հայեր նոր ժամանակներու կը պատկանին: Բայց հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ մեր հոգին եւ միտքը բանալ դէպի այս իրականութիւնը: Ցարդ ամէն բան լուռ էր, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ այդ լռութիւնը ձայներով լեցուն էր, եւ մենք չէինք լսած:

Չմոռնանք, որ մինչեւ հիմա ազգովին տուժած ենք, որովհետեւ միակամ ու պատրաստ չենք եղած: Արդեօք հիմա պատրա՞ստ ենք՝ դուք ձեզի հարց տուէք: Ահա այս մէկն է, որ միջուկը կրծող որդերու նման հարց կը դառնայ մեր միտքերուն մէջ:

Ճիշդ է, որ դժուար է երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ: Բայց՝ գաղտնիքը բացուած է:

Հազարաւոր հայեր, յարգելի կամ ոչ պատճառներով, իսլամացած են ու ներկայիս կ՛ապրին իրենց պապենական ու հարազատ հողերուն վրայ: Տեղահան չեն եղած: Չեն ջարդուած, եւ աւելի՛ն, մեզմէ աւելի իրենք են այդ հողերուն իսկական եւ իրաւական տէրերը: Անոնք աւելորդ փաստի կամ դատի կարիքը չունին:

Արդեօք պիտի ընդունի՞նք զիրենք իբրեւ հայ: Արդեօք մեր այս նոր որդեգրումը մեղանչում մը պիտի չնկատուի՞ Աւարայրներ մղած մեր պապերուն համար:

Իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւրիս մտածելակերպը մեր վաղն է: Գիտեմ նաեւ, որ հայուն կեանքը ինքնին հայոց պատմութիւն ալ է: Արդ, այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ որոնել հայուն ինքնութիւնը:

Ահա 21-րդ դարու մեր պատմութեան հարցերէն մէկը: Արդեօք քննելու պատրա՞ստ ենք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

aztagdaily.com

Scroll Up