Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ «Հայ Դատ»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 10-ին Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ու գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն, Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Նախագահ Սահակեան արժեւորած է ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի հիմնախնդրի ներկայացման, համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Բակօ Սահակեան ողջունած է Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն համաժողովի անցկացումը` ընդգծելով անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը: