Ժագ Յակոբեանի Քնարավէպին Ողջունահանդէսը

Հայկական բանաստեղծութեան ռահվիրաներէն մէկը, ալեւորած բայց ոչ ծերացած,սպիտակահեր բայց ոչ ձմեռնամուտի սեմը թեւակոխած, իր գարունազարդ եւ զուարճախօս ժպիտով ներկաները կ’ողջունէր բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը, երբ իր «Լիլոյշ Ա Տոչոր» քնարավէպի ողջունահանդէսին շնորհակալութեան խօսք առաւ։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Կիրակի, Փետրուար 20, 2011-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի նորագոյն «Լիլոյշ Ա Տոչոր» քնարավէպին ողջունահանդէսը, բանաստեղծութեան սիրահար հայ մշակութասէր հանրութեան մը ներկայութեան, որոնք լեցուցած էին սրահը իր կարելիութեամբ։ Գնահատելի էր ձեռնարկին կազմակերպչական նորաձեւ ներկայացումը, հիւրասիրութեան եւ գեղարուեստական մակարդակներով: Յայտագրին իրենց Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան մասնակցութիւնը օրուան հանդիսավար ընկերուհի Լորա Գույումճեան, Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Գագիկ Պատալեան, Յակոբ Գալայճեան, Ռաքէլ Բարսեղեան եւ Սեւակ Ղազարեան։

Ընկերուհի Լորա Գույումճեան հակիրճ կերպով անդրադառնալով բանաստեղծին կենսագրութեան, ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը ներկայացնելու համար Ժագ Յակոբեան, բանաստեղծը։ Փրոֆ. Քէշիշեան ըսաւ, «Դժուար է Ժագ Յակոբեանը ներկայացնելը», որովհետեւ ան կը տարբերի մեր հայ բանաստեղծներէն իր ոճով, խորքով եւ մտքի մշտանորոգ արտայայտութիւններով։ Ան ծնած է Երուսաղէմ 1917 թուին, յաճախած տեղւոյն Գալուստեան ազգային վարժարանը, ապա անցած Պէյրութ, Լիբանան, մասնագիտացած դեղագործութեան ասպարէզին մեջ, ապա անցած Եգիպտոս, ուր ծառայած է նաեւ բանակին մէջ որպէս դեղագործ։ Ապրած է նաեւ Աւստրալիա եւ վերջապէս հաստատուած Ամերիկա 1967 թուին։ Ան ամուսնացած է Ազատուհի Գարագաշեանի հետ, 1947-էն ի վեր, եւ ունի չորս զաւակներ։

Ժագ Յակոբեան հեղինակած է 50-է աւելի գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ որոնք հրատարակուած են, քերթուածներու, բանաստեղծութիւններու, արձակներու, թատերական եւ աւետարանական գիրքերով։ Իր նորագոյն բանաստեղծութիւններու հատորին հրատարակութիւնը, «Լիլոյշ Ա Տոչոր» գիրքին մեկենասները եղած են նամակագիր Արմէն Յարութիւնեանն ու իր տիկինը Միմին։ Յակոբեան հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւններու հատորը 21 տարեկանին եւ արժանացած մրցանակներու. իր քերթուածներուն մէջ առկայ է իւրայատուկ որոշ մելամաղձոտութիւն մը. ուշագրաւ երեւոյթ է որ տաղանդաւոր բանաստեղծը օգտագործած է Մեսրոպեան բառարանի բոլոր կարելիութիւնները, ներկայացնելով անզուգական գրականութիւն։

Ժագ Յակոբեան շրջապատուած յայտագրին մասնակցութիւն բերողներով եւ Թ. Մ. Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի
վարչութեան անդամներով Ընկերուհի Գույումճեան ներկայացուց Ժագ Յակոբեանի կենսագրութենէն խօսուն դրուագներ. բանաստեղծը երբ Եգիպտոս կը գտնուէր, կ’աշխատակցէր եւ բարեկամ էր հայ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի հետ։ Ան կը ծանօթանար Եգիպտահայ ծանօթ ընտանիքի դստեր Ազատուհի Գարագաշեանին հետ: Ազատուհիին ամէնօրեայ ճանապարհը կ’անցնէր իր հօր դեղարանին առջեւէն: Սկիզբը ծնաւ Պղատոնեան սէր մը, որ, աստiճանաբար առաջնորդեց հանդիպումներու եւ իսկական սիրոյ, ապա՝ ամուսնութեան, որուն միջնորդ հանդիսացած էր Վահան Թէքէեան։ Յակոբեան սակայն միշտ «Լիլոյշ» կանչած է իր տիկինը, իր առաջին սիրոյ, Լիլիթին անունով, որուն հետ
ծանօթացած էր Պէյրութ, սակայն իրենց կապը կտրուած էր, բանաստեղծին Եգիպտոս, եւ Լիլիթին Ֆրանսա փոխադրուելուն պատճառաւ, անջինջ պահելով սaկայն առաջին այդ սիրոյն յիշատակը։

Ընկերուհի Գույումճեանի ելոյթին մերթ ընդ մերթ կ’ընկերանային երեք երիտասարդներու ասմունքի ներկայացումները Յակոբեանին քերթուածներուն։ Անոնք՝ Յակոբ Գալայճեան, Ռաքէլ Բարսեղեան եւ Սեւակ Ղազարեան, հմուտ եւ սահուն հայերէնով ներկայացուցին բանաստեղծին քերթուածները, ոչ միայն արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին այլ
նաեւ բանաստեղծին գովասանքին։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ սիրուած երիտասարդ երգիչ Գագիկ Պատալեանը, շատ գեղեցիկ եւ բազմերանգ երգերու փունջով մը, նմանապէս արժանանալով ներկաներու գնահատանքին։
Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան, միշտ ժպտերես եւ ուրախ, ներկաներուն նուիրեց Մեսրոպատառ բառարանէն փունջ մը հայերէն բառեր ինչպէս՝ «լրախօս», «քայլոց», ինքզինք որակելով գիրագէտ եւ ոչ խօսագէտ։ Ան ասմունքեց նաեւ իր քերթուածներէն հատուածներ այնպիսի խոր ապրումով ու կենսունակութեամբ, որ արժանանացաւ հանդիսականներու հիասքանչութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան որ կազմակերպած էր օրուան ողջունահանդէսը, գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն, օրուան բանախօսներուն Փրոֆ. Օշին
Քէշիշեանին, ընկերուհի Լորա Գույումճեանին եւ ներկաներուն, ապա տեղի ունեցաւ գիրքերու նուիրում եւ մակագրութիւն։

Յակոբ Մարտիրոսեան

Scroll Up