Թուրքիոյ Մէջ Վաճառքի Հանուած Է Հայ Վարպետին Պատրաստած 100-ամեայ Ուտը

Սթամպուլի բնակիչներէն Սութա Քուչուքալին 10 հազար տոլարով վաճառքի հանած է հայ վարպետ Գրիգոր Քէհեայեանի (1875-1933) պատրաստած ուտը:

Թուրքիոյ մէջ առքուվաճառքի յայտարարութիւններու կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կցուած է նաեւ ուտի լուսանկարը եւ  ուտի վկայականը օսմաներէն ու հայերէն լեզուներով:

Scroll Up