Զօրավար Անդրանիկի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս

Փետրուար 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս մեկնարկեցին Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները:

 Նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն ՀԿ աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ սուրիահայ պատանիները եւ աղջիկները այցելեցին Անդրանիկ Օզանեանի թանգարան եւ Կոմիտասի անուան պանթէոն:

 Թանգարանի վարիչ Սեդա Կարապետեան երեխաներուն ծանօթացուց թանգարանի հիմնադրման պատմութեան, ապա ներկայացուց զօրավարի կեանքն ու գործունէութիւնը, անցած փառաւոր ուղին: Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ նաեւ թանգարանին մէջ ի պահ յանձնուած մեծ զօրավարի եւ անոր զինակիցներու անձնական օգտագործման իրերը, ձեռագիր նամակներու նմուշներ: Յաջորդ կանգառը Կոմիտասի անուան պանթէոնն էր, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ այնտեղ ամփոփուած մտաւորականներու շիրիմին:

 Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարանի տնօրինութեան նուիրեցին գերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» եւ «Հայկական վաղ քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը» գիրքերը:

and1and2and3and4

Scroll Up