Անգնահատելի Նուէրներ Հալէպէն

Յունուար 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որ նախարարութիւն այցելած էր շատ կարեւոր առաքելութեամբ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հասցուցած էր Սօսէ Պարոնեանի նուիրատուութիւնը` ի յիշատակ իր ծնողներուն` Մովսէս եւ Մարգրիտ Պարոնեաններու: 14 անուն հնատիպ գիրքերը ոչնչացումէ փրկած ու Խարբերդէն Սուրիա  հասցուցած են Ցեղասպանութիւնը վերապած անոր հարազատները:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց արժէքաւոր նուէրին համար: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Անսահման շնորհակալ եմ Սօսէ Պարոնեանին, հայրենասէր ու ազգասէր աղջկան, ով տարիներ շարունակ պահել, պահպանել է այս մասունքները եւ Ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց  հասցրել Հայրենիք: Այս գրքերը կը յանձնուեն Մատենադարանին, ուսումնասիրութիւնների անսպառ աղբիւր կը դառնան գիտնականների համար: Սա մեծ նուէր է, որ այս խորհրդանշական տարուայ սկզբում մատուցուեց հայ ժողովրդին»:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի մէջ գործող գլխաւոր
հիւպատոսութեան, շտապօգնութեան մարմինին, Ժիրայր Ռէիսեանին, եւ ի հարկէ, Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, որոնց մեծ ջանքերու  շնորհիւ նուէրը հասած է Հայաստան:

Զրոյցին ընթացքին խօսուեցաւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու խնդիրներու ու դժուարութիւններու մասին: Նախարարը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մէջ տառապող մեր հայրենակիցներուն, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, պահպանեն  իրենց ինքնութիւնը:

Scroll Up