ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահ Արա Թորանեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 16-ին, ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, «Nouvelles d’Armռnie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը ողջունած եւ կարեւոր համարած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին գործունէութիւնը՝ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման, ֆրանսահայ կենսունակ համայնքի աշխոյժ եւ համակարգուած աշխատանքի հարցով: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ յեղափոխութենէն ետք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները մտած են որակական նոր փուլ, եւ պէտք է համատեղ աշխատիլ՝ այդ կապերը ալ աւելի ճկուն ու հզօր դարձնելու, Սփիւռքի հսկայական ներուժը մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման եւ արդիւնաբերացման գործընթացին ներգրաւելու համար: Վարչապետի խօսքով՝ այդ նպատակով ալ Սփիւռքի նախարարութիւնը վերակազմաւորուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, եւ կառուցուածքային այդ փոփոխութիւնը լիովին կը համապատասխանէ կառավարութեան որդեգրած՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման քաղաքականութեան:

Արա Թորանեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանի ընդունելութեան համար եւ անդրադարձած Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի գործունէութեան: Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացները եւ զարգացումները մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած են Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն մէջ, եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու ՀՀ իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի զարգացման միտուած բարեփոխումներու իրականացման, հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ սերտացման, հայրենիք-Սփիւռք կապերու շարունակական զարգացման գործին մէջ:

Scroll Up