Փայլան Քննադատած է Թուրք Ազգայնական Պատգամաւորը` Հակահայկական Արտայայտութիւններուն Համար

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական միաւորում հանդիսացող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան` Իգտիրէն նախկին պատգամաւոր, հակահայկական գործունէութեամբ յայտնի Սինան Օղանի Թուիթըրեան գրութեան:

Ազգայնական գործիչը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Իգտիրի, Կարսի եւ Վանի մէջ հայկական պատուիրակութիւնների այցերու, մասնաւորապէս` Համահայկական խաղերու պատուիրակութեան այցի վերաբերեալ: «Դեռ չեն հասած չորնալ ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու վրայի կնիքները, բայց արդէն հայկական պատուիրակութիւնները իրարու հետեւէն յաճախակի կ՛այցելեն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յաղթած Կարսի, Վանի, Իգտիրի քաղաքապետարաններ: Պատահականութիւ՞ն է: Չեմ կ’արծեր»,- նշած է Օղան:

Ի պատասխան այս գրութեան` Փայլան գրած է. «Ցեղապաշտները, ժողովուրդներու միջեւ գիծեր քաշելով, ատելութեան քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն: Ժողովրդավարներն ալ, կամուրջներ կառուցելով, այդ սահմանները կ՛իմաստազրկեն: Դուք ցեղապաշտ փանթիւրքիստ էք: Մենք կը հաւատանք ժողովուրդներու եղբայրութեան: Եւ ժողովուրդները անպայման պիտի գրկախառնուին»:

Scroll Up