Սփիւռքի Ազգային Պարի Ուսուցիչներու Եւ Երգչախումբերու Խմբավարներուվերապատրաստման Դասընթացքներ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ս.թ. Յուլիս 21-էն Օգոստոս 3 Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի սփիւռքի ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու խմբավարներու վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացք:
Դասընթացքի մասնակիցները 14 օր կ’ապրին Երեւանի մէջ եւ հնարաւորութիւն կ’ունենան առարկայական դասնթացքներու միջոցով կատարելագործելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները ազգային պարախումբերու եւ երգչախումբերու կազմակերպման եւ կառավարման գործին մէջ: Ճանչցուած մասնագէտներու կողմէ իրականացուող տեսական եւ գործնական պարապմունքներու թեմաները պիտի ընդգրկեն`
– ազգային պարի, երգի իւրայատկութիւնները, մշակման եղանակները
– աւանդական ժողովրդական, ինչպէս նաեւ ժամանակակից պարը եւ դասական երգեցողութիւնը, բեմադրական հմտութիւնները,
– համայնքներու մէջ գործող պարախումբերու/երգչախումբերու գործունէութեան կազմակերպման եւ կառավարման եղանակները:
Դասընթացքը պիտի ներառէ նաեւ մշակութային հանդիպումներ եւ հետաքրքիր այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային եւ ժամանցային վայրեր: Դասընթացքի լեզուն հայերէնն է:
Դասընթացքներու 14-օրեայ ժամանակահատուածի բոլոր ծախսերը կը հոգայ ՀՀ կառավարութիւնը:

Ովքեր կրնան մասնակցիլ դասընթացքին`

ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող (բացառութեամբ` երկքաղաքացիութիւն ունեցողներու) Սփիւռքի պարային խումբերու եւ երգչախումբերու ղեկավարները, պարուսոյցները, երգուսոյցները, որոնք`

Նախապէս չեն մասնակցած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ազգային պարի, երգի վերապատրաստման դասընթացքներուն
իրենց հաշուին պիտի հոգան Հայաստան ժամանման եւ մեկնման ծախսերը
իրենց հաշուին ձեռք պիտի բերեն երկշաբաթեայ ապահովագրութիւն

Դասընթացքներու մասնակցութեան յայտ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը`

20.06.2019 թ. ժամը 24:00 ( երեւանեան ժամանակով)

Մասնակցութեան հաստատման/մերժման ծանուցումը մասնակիցներուն կ’ուղարկուի մինչեւ `

01.07.2019 թ. ժամը 18:00 (երեւանեան ժամանակով)

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ, ՄԻՆՉԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՄԱՆ ՍՏԱՑՈՒՄԸ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՕԴԱՆԱՒԻ ԿԱՄ ԱՅԼ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԷՆ:

Կապ՝
հեռախօս` +374 10 58-56-01 /6-04/, +374 60 500-830,
ել. հասցէ` [email protected]:

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ:

Scroll Up