Սփիւռքի Երիտասարդ Առաջնորդներու Վերապատրաստման Դասընթացքներ

Սիրելի՛ սփիւռքահայ երիտասարդներ,
Ս.թ. Յուլիս 21-էն Օգոստոս 3 Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացք:
Դասընթացքի մասնակիցները 14 օր կ’ապրին Երեւանի մէջ եւ հնարաւորութիւն կ’ունենան առարկայական դասնթացքներու միջոցով կատարելագործելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները համայնքներու արդիւնաւէտ կառավարման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ մեծացնել սեփական կարողութիւնները` Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու, Հայաստան-Սփիւռք սահմաններու վերացման, համահայկական միասնական օրակարգերու, Սփիւռքի հայ երիտասարդութեան վերաբերող խնդիրներու կարգաւորման մասով:
Դասընթացքը պիտի ներառէ նաեւ հետաքրքիր հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, հոգեւոր առաջնորդներու, երիտասարդներու հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ պատմամշակութային եւ ժամանցային վայրեր: Դասընթացքի լեզուն հայերէնն է:
Դասընթացքներու 14-օրեայ ժամանակահատուածի բոլոր ծախսերը կը հոգայ ՀՀ կառավարութիւնը:

Ովքեր կրնան մասնակցիլ դասընթացքին`

18-35 տարեկան ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող (բացառութեամբ` երկքաղաքացիութիւն ունեցողներու) սփիւռքահայ այն երիտասարդները, որոնք`
-Սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ են կամ ատոնց ներկայացուցիչներ, համայնքային կառոյցներու երիտասարդ ներկայացուցիչներ,
-աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունին ինչպէս համայնքային կեանքին մէջ, այնպէս ալ համահայկական ու միջազգային տարբեր ձեռնարկներու,
-վերապատրաստման դասընթացքի ընթացքին ձեռք բերուած գիտելիքները պատրաստ են ներդնել համայնքային խնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ իրենց գործունէութեամբ նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման
-նախորդ տարիներուն չեն մասնակցած «Երիտասարդ առաջնորդներու» դասընթացքին
– իրենց հաշուին պիտի հոգան Հայաստան ժամանման եւ մեկնման ծախսերը
– իրենց հաշուին ձեռք պիտի բերեն երկշաբաթեայ ապահովագրութիւն

Դասընթացքներու մասնակցութեան յայտ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը`

20.06.2019 թ. ժամը 24:00 ( երեւանեան ժամանակով)

Մասնակցութեան հաստատման/մերժման ծանուցումը մասնակիցներուն կ’ուղարկուի մինչեւ`

01.07.2019 թ. ժամը 18:00 (երեւանեան ժամանակով)

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ, ՄԻՆՉԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՄԱՆ ՍՏԱՑՈՒՄԸ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՕԴԱՆԱՒԻ ԿԱՄ ԱՅԼ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԷՆ:

Կապ՝
հեռախօս` +37410 58-56-01 (807,604), +37460 500-830
ել. հասցէով` [email protected]

*Յուրաքանչիւր կազմակերպութիւն և կառոյց կարող է ներկայացնել առավելագոյնը երկու երիտասարդ։

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ:

Scroll Up