Հրադադարի 25-Ամեակ. Շփման Գիծի Վերականգնում Եւ Գործիքակազմի Կահաւորում

Այժմէական կարգով 1994-ի հրադադարի ամէնէն հնչեղ շեշտադրումը  կ՛ըլլայ ստորագրութեան եռակողմ  ձեւաչափի իրողական եւ իրաւական հանգամանքներու արծարծումը, ինչ որ կ՛ենթադրէ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման հիմքին` պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան անշրջանցելիութիւնը:

Այս առումով հրադադարի վերահաստատում կամ դէպի քաղաքական մեծ համաձայնութիւն տանող որեւէ փաստաթուղթ կարելի չէ պաշտօնականացնել առանց Ստեփանակերտի: Թէկուզ միջանկեալ պայմանաւորուածութեան տեսքով  որեւէ հետագայ փաստաթուղթ պէտք է կրէ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու իրաւաքաղաքական համաձայնութիւնը:

Երկրորդ, շարունակելով իրաւական մասին վրայ կեդրոնացումը, անպայման անհրաժեշտութիւնը կայ լուսարձակի տակ բերելու հրադադարի ստորագրութեամբ ճանչցուած շփման գիծը կամ ռազմաճակատային գիծը, որ կը խօսի փաստացի սահմաններու իրողական ճանաչումին մասին: Միջազգայնօրէն ճանչցուած շփման գիծի խախտում կատարուած է հիմնականին մէջ ապրիլեան պատերազմին:

Եթէ հրադադարը ուժի մէջ է, ուրեմն շփման գիծի վերահաստատումի հրամայական պիտի հաստատուի: Իսկ հրադադարի պահպանման համար աւելի քան անհրաժեշտ են մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան գործիքակազմերու կահաւորումը` միջազգային երաշխաւորութեամբ:

Խնդիրը նաեւ իրաւականօրէն մեկնաբանելն է, որ իրողական շփման գիծի ընդունումով հրադադար եւ շփման գիծ խախտողը ի՛նչ պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ նման նախադէպեր կանխարգիլելու համար միջազգային երաշխաւորութեամբ երկկողմ պայմանաւորուածութիւններու կիրարկումը` գործիքակազմերու հաստատման առումով, արգելակողին նկատմամբ ի՛նչ կ՛ունենայ ըսելիք միջազգային հանրութիւնը:

Իրաւական հարթութեան վրայ նախապատրաստուելու օրակարգը անյետաձգելի է: Տարբեր աշխահագրական միջավայրերու եւ տարբեր պայմաններու մէջ բռնկած հակամարտութիւններու հանգուցալուծման համար ընթացող բանակցութիւններու ձեւաչափերու ներկայացումը  միանշանակ կը համոզէ ինքնորոշուած ժողովուրդի եւ անոր ներկայացուցիչներուն` ամէնէն ժողովրդավար եղանակներով ընտրուած իշխանութիւններու մասնակցութիւնը ուղղակի անշրջանցելի պայման է:

Պէտք է յիշել նաեւ այն, որ ապրիլեան յարձակումը սանձազերծելէ ետք հրադադար խնդրած ազրպէյճանական կողմին հետ նոր փաստաթուղթ չէ ստորագրուած: Հետեւաբար, ի զօրու է 1994-ի համաձայնագիրը, ինչ որ ինքնին կ՛ենթադրէ շփման գիծի վերականգնումը: Այս անհրաժեշտութեամբ ալ  կը բացատրուի «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» բանաձեւը: Յարձակողապաշտութիւնը կը յանգի նոր տարածքներու ազատագրման, հետեւաբար նոր շփման տարածքներու  վերագծման փաստին:

Հրադադարի 25-ամեակը կը յուշէ, որ ներկայ փուլին բանակցութիւնները պէտք է կեդրոնանան հրադադարի շփման գիծի վերականգնման եւ որեւէ նոր նախայարձակ գործողութիւն կանխարգիլելու համար գործիքակազմերու կահաւորման ժամանակացոյցի ճշդման ուղղութիւններով:

Scroll Up