«Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւն»-ը Կը Ձգտի Գտնել Նորարարական Լուծումներ. Արսինէ Շիրվանեան

Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը «Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան համահիմնադիր Արսինէ Շիրվանեանի հետ:

Յարգելի՛ Արսինէ, կը խնդրեմ պատմել Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան (Melkonian Global Overture) մասին. երբ  հիմնադրուած է եւ ի՞նչ է Նախաձեռնութեան առաջնահերթութիւնը:

– Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնը (Melkonian Global Overture) հիմնադրուած է 2017 թուականին: Նախաձեռնութեան նպատակն է նորացուած կենսագործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական եւ հեղինակաւոր հաստատութիւններու ինքնակառավարման հաստատումը` վերանայելով իրենց գործառոյթները 21-րդ դարուն: Մենք հետաքրքրուած ենք կրթական հաստատութիւններով, առհասարակ:

Մենք կը հաւատանք, որ խելացի եւ համաշխարհայնացուած հայ երիտասարդները կրթելու ամենաուղիղ ճանապարհը`  գործուն եւ ծաղկուն կրթական հաստատութիւններ ունենալն է: Մենք կը հաւատանք, որ ուժեղ եւ կենսունակ Սփիւռքն ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայրենիքի գրաւականն է: Իսկ ո՞րն է այդ ամէնուն հասնելու աւելի լաւ ճանապարհը, ի հարկէ, հայ երիտասարդներու համար լաւագոյն ընդհանուր կրթութիւն ապահովելը:

Մենք կը ձգտինք գտնել նորարարական լուծումներ եւ անմիջապէս արձագանքել ներկայ մարտահրաւէրներուն` գործընթացին ներգրաւուելով եւ արտօնելով երիտասարդներու մասնակցութիւնը:

Մենք կ՛ուզենք ծանօթանալ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք կարիքը ունին կատարելագործման եւ աշխուժացման: Մենք կը ցանկանք ստեղծել համակարգուած ռազմավարութիւն, որուն միջոցով կը կարենանք նոր շունչ հաղորդել եւ վերականգնել անոնց ամբողջական գործառոյթն ու կայունութունը:

Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան մօտեցումն է` ծանօթանալ/ճանչնալ, վերանորոգել, վերականգնել:

-Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնն իր ծրագիրներն իրականացնելուն որուն հետ կը գործակցի՞: 

– Մենք դեռ երիտասարդ կազմակերպութիւն ենք, այդ պատճառով գործընկերային յարաբերութիւններու հաստատումը դեռ սաղմնային փուլի մէջ է:

Նախապէս  համագործակցած ենք UCLA-ի, Կլենտէլի միաւորուած շրջանի հանրային դպրոցներու, Առաջնորդարանին կից գործող Լոս Անճելըսի դպրոցներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ:

– Ձմեռը դուք նախաձեռնած էիք «Ապրող սփիւռք» ձեռնարկը, որ կը ներառէր հայերէնին նուիրուած հրապարակային քննարկում, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ եւ իւրայատուկ համերգային ծրագիր: Կը խնդրէի ներկայացնել ձեռնարկի մանրամասները:

– Ձեռնարկին ընթացքին մենք վերստին հաւատացինք կրթուած եւ հզօր երիտասարդութեան, որ կը սիրէ հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ հայրենիքը:

Մենք միայն «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի 50-ամեակը չնշեցինք, այլեւ յաջողեցանք տարբեր աւագ դպրոցներու հարիւրաւոր աշակերտներու հնարաւորութիւն տալ մաս կազմելու հայոց լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան նուիրուած քննարկումներուն: Ձեռնարկին հրաւիրուած բանախօսներէն էին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:

Իսկ համերգային ծրագիրը երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալու հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտութեան:

Հետաքրքիր խորագիր է` Ապրող սփիւռք. Ձեր կարծիքով Սփիւռքին ապրեցնելու համար ի՞նչ  անհրաժեշտ է:

– Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայկական սփիւռքի միայն 5 տոկոսը մաս կը կազմէ կամ ներգրաւուած է հայկական կազմակերպութիւններուն մէջ: Այս ամէնն ինծի խորհելու առիթ  կու տայ. 95 տոկոսի մէջ ինչպէ՞ս «ներարկել» հայկական ոգի, ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ:

Ներկայ ղեկավարներն առաջ կը տանին այն կարծիքը, որ հայկական դպրոցները կը փակուին Սփիւռքի արդի եւ համընդհանուր կարիքներու պատճառով: Այնուամենայնիւ, մենք կը հաւատանք, որ պէտք է գտնել նոր ճանապարհներ, որոնց միջոցով երիտասարդներուն մէջ սէր կ’արթնցնենք հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան հանդէպ:

Մենք կարիքը ունինք օգնելու հայ երիտասարդներուն` 21-րդ դարու չափանիշներուն համահունչ` գտնելու իրենց երիտասարդութիւնը, ծաղկուն, երջանիկ եւ խելացի հայկական ինքնութիւնը:

Ին՞չ ծրագիրներ կը նախատեսէք իրականացնել Հայաստանի մէջ:

– Այս պահուն մենք կ՛աշխատինք նախաձեռնել խորհրդաժողով, որուն ընթացքին պիտի քննարկենք այն մեթոտները, որոնց օգնութեամբ մենք պիտի կարենանք երիտասարդներուն մէջ սէր արթնցնել հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան հանդէպ:

Մենք պիտի քննարկենք այն ուղիները, որոնց միջոցով կ’օգնենք հայ երիտասարդներուն` 21-րդ դարու չափանիշներուն համահունչ` գտնելու իրենց երիտասարդութիւնը, ծաղկուն, երջանիկ եւ խելացի հայկական ինքնութիւնը:

Մենք պիտի համագործակցինք Երեւանի համալսարանի ուսանողներու եւ գիտնականներու հետ` քննարկելու եւ ուսումնասիրելու աշխարհով մէկ սփռուած հայկական դպրոցներու մեթոտները եւ ծրագիրները:

Մենք կը ցանկանք ներկայացնել դպրոցներու օրինակներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հայկական կրթօճախները եւ կ’օգնեն անոնց շարունակելու իրենց անգնահատելի աշխատանքը:

Եւ վերջին հարցը. «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւնը թէեւ այսօր իր գործունէութիւնը չի շարունակեր, սակայն, գիտեմ, որ մելքոնեանցի բազմաթիւ սերունդներ կը շարունակեն կրթօճախն ապրեցնել իրենց հոգիներուն մէջ: Դուք ի՞նչ կ՛ապրեցնէք Ձեր հոգիին մէջ:

– «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւնը շատ խոր արմատներ  ձգած է, եւ անոր նշանակութիւնը կարելի է նոյնականացնել  Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Եթէ մեր յիշողութենէն ջնջենք «Մելքոնեան»-ը, մեր յիշողութենէն կը ջնջենք նաեւ Հայոց պատմութիւնը:

Այս խնդիրը միայն կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներուն չի վերաբերիր, սա հարց է, որ կը վերաբերի հայ ազգին եւ Հայաստանի կառավարութեան:

Կը կարծեմ` «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւնը կրնայ միջազգային դպրոցի օրինակ ծառայել` ըլլալով գերազանց կրթութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ օրինակ, թէ մենք ինչպէս  կը յարգենք եւ կը պահպանենք մեր աւանդոյթները, որոնք մեզի փոխանցած են առատաձեռն բարերարները:

Խօսքերս կ՛ուզեմ եզրափակել հետեւեալ զգացական տողերով.

«Մելքոնեան» կրթական հաստատութեան զարմանահրաշ կառոյցները 1000 ոտնաչափ  խորութիւն ունին, անոր արմատները կը տարածուին աւելի լայն ու աւելի խոր, քան որեւէ ծառ:

Իսկ անոր ստորին հատուածը կ՛արտացոլէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յաւերժական դէմքերը:

Այդ կառոյցները կը պատմեն

Տառապանք եւ հրճուանք,

Վախ, բայց նաեւ յոյս,

Անարդարութիւն, բայց նաեւ արդար խաղ:

Անապատին մէջ թափառող որբերէն մէկուն պատմութիւնը, որ հորիզոնին կը տեսնէ Աւետեաց երկրի աղօտ լոյսը:

Մենք պէ՛տք չէ հեռու փախչինք իրականութենէն:

Մենք պէտք է ընդունինք այն:

Պէ՛տք է վերահաստատենք մեր բարերարներուն տուած խոստումը:

Քանի որ այս կառոյցները եւ Սփիւռքի բոլոր զարմանահրաշ գանձերը,

Մեզի աւելի ամո՛ւր կը դարձնեն:

Այն կը մարմնաւորէ մեզ:

Այն պէտք է ամրացնէ՛ մեզ:

Այն կը պատմէ հայրենասէրներու բազում պատմութիւններ:

Այն հայրենասիրութեան  վառ օրինակ մըն է` հասկնալու, թէ ուր եղած ենք մենք:

Փոքրոգութիւն է, այդ ամէնը մոռնալը:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up