«ներՈւժ» Ծրագիրի Մասնակիցներու Գործունէութիւնը Հայաստանի ՄԷջ Կը Շարունակուի

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «ներՈւժ»  երիտասարդական սթարթափերու ծրագիրի աւարտէն յետոյ Հայաստան տեղափոխուած մասնակիցները կը շարունակեն հանդէս գալ տարբեր նախաձեռնութիւններով:  Նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականը կը հետեւի երիտասարդ սթարթափըրներու գործունէութեան եւ մտադիր է պարբերաբար ներկայացնել անոնց աշխատանքի արդիւնքներու մասին տեղեկատուութիւն:

«ներՈւժ-2018»-ի յաղթողներէն` Anteo Health կազմակերպութեան համահիմնադիր էնթընի Արի Աւետիսեան եւ Illuria security ընկերութեան համահիմնադիր Քրիս Արման Գըլլոյանն իրենց ընկերոջ` Լիլիթ Դալլաքեանի (SmartGateVC) հետ կեանքի  կոչած են «Armenia Tech Trip 2019» ծրագիրը, որ նպատակ ունի`

. Միջազգային ասպարէզին մէջ ներկայացնել Հայաստանի մէջ իրականացուող տնտեսական, ընկերային եւ արհեստագիտական փոփոխութիւնները

. Կամուրջ ըլլալ տաղանդաւոր օտարերկրեայ ուսանողներու/շրջանաւարտներու եւ Հայաստանի զարգացող արհեստագիտական ոլորտի միջեւ:

«Armenia Tech Trip 2019»-ը մէկշաբաթեայ ուղեւորութիւն է դէպի Հայաստան 15 օտարերկրեայ ուսանողներու/շրջանաւարտներու համար: Ուղեւորութեան ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան այցելելու հայաստանեան արհեստագիտական ընկերութիւններ, գիտահետազօտական կեդրոններ, մշակութային, տեսարժան վայրեր, կը վայելեն երեւանեան գիշերները:

Ապրիլ 15-ին www.armeniatechtrip.am կայքին մէջ բացուեցաւ ուղեւորութեան մասնակցութեան դիմումներու ընդունելութիւնը, որ այժմ բաց է միայն սպասողներու ցուցակին մէջ արձանագրուելու համար: 499 տոլար արժողութեամբ ուղեւորութիւնը կը ներառէ` կացութեան վայր, սնունդ, փոխադրութիւն, շրջագայութիւններ, այցելութիւններ ընտրուած ընկերութիւններ եւ ժամանցային երեկոներ:

Ուղեւորութեան ընթացքին մասնակիցները կ’այցելեն հետեւեալ կազմակերպութիւններ` Hero House – SmartGateVC, Gate42, Illuria security, Embry Tech, TUMO, Disqo,  2Hz, gg Taxi, XCloud Network, Synergy,WebFountain, Synopsys, Arloopa, ISTC, YerevaNN եւ աւելին:

Ծրագիրի գործընկերներն են` AGBU, Hero House, Creatr, Idea Foundation, ARMACAD, Birtright Armenia եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Scroll Up