Երեւանի ՄԷջ Կայացած Է Հոլանտայի «Slavuj» Երգչախումբի Եւ «Zwarte zee» Քառեակի Համերգը

Ապրիլ 28-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ կայացաւ Հոլանտայի մէջ «Slavuj» երգչախումբի (խմբավար` Իւոյ Պուսվայկ) եւ «Zwarte zee» քառեակի բարեգործական համերգը` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, որուն մեկնարկը տրուած էր Հոլանտայի մէջ: Երեկոյի կազմակերպիչը քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեանն էր:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, ձեռնարկին ներկայ  եղած են ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ եւ այլք:

Երեկոյի ընթացքին հոլանտացի երաժիշտներու կատարմամբ հնչած են հայ երգահաններու (Կոմիտաս, Խաչատուր Աւետիսեան, Վլադիլեն Բալեան եւ այլք) ստեղծագործութիւններ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան ողջունելով համերգային ծրագիրի մասնակիցները` շնորհակալութիւն յայտնած է համերգի նախաձեռնող, Հոլանտա բնակող քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեանին եւ հոլանտացի երաժիշտներուն, որոնք իրենց երաժշտացանկին մէջ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ ներառելով` կը նպաստեն օտար երկիրներու մէջ հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման: «Կոմիտասի ձգած հարուստ ժառանգութիւնը նոր էջ  բացած է հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ` աշխարհին ներկայացնելով հայկական հարուստ ու իւրօրինակ մշակոյթի աւանդոյթներն ազգայինի եւ համամարդկայինի զուգահեռականներուն մէջ: Կը կարծեմ` այսօրուան համերգը ատոր վառ ապացոյցն էր»,-աւելցուցած է Սփիւռքի փոխնախարարը:

Խումբերն առաջին անգամ կ՛այցելեն Հայաստան: Երեւանեան ձեռնարկին պիտի յաջորդեն նաեւ համերգներ Հայաստանի մարզերուն մէջ. ապրիլ 30-ին` Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի մշակոյթի տան դահլիճին մէջ, իսկ մայիս 3-ին` Էջմիածին քաղաքի «Հայ միասնութեան խաչ» կազմակերպութեան Մաչանենց տան թատերական դահլիճին մէջ:

«Slavuj»երգչախումբը հիմնադրուած է 1987 թուականին եւ կը ներկայացնէ  սլաւոնական երկիրներու երաժշտութիւն: Արդէն երկու տարի է` երգչախումբին հետ կը համագործակցի Հոլանտա բնակող քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեան: Համատեղ ջանքերով երգչախումբը հայերէն լեզուով նախաձեռնած է մեծ համերգային ծրագիր մը, որմով հանդէս  եկած է Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ:

«Zwarte zee» քառեակին ընդգրկուած են երաժիշտներ` Ռուզաննա Յակոբեան (քանոն), Եան-Եափ Սպառխառնը (սաքսոֆոն, քլառնէթ, շուի), Էրիկ Վոլկռըսը (կոնտրապաս) եւ Ռոպ Տամեն (տհոլ):

Scroll Up