Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Պարգեւատրեց Երուանդ Զօրեանը

Ապրիլ 15-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց «Սինոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ, ԱՄՆ «Սինոփսիս»  ընկերութեան  գլխաւոր ճարտարագէտ Երուանդ Զօրեանը:

Ողջունելով հիւրը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նախ ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման ընթացքը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի հիմնարկի ստեղծումը, յանձնակատարի գրասենեակի ուղղութիւնները, նշեց, որ այն, ըլլալով աւելի բարձր մակարդակի վրայ` վարչապետի աշխատակազմին մէջ ծրագիրներ պիտի չիրականացնէ, աւելի շատ պիտի ունենայ համակարգող գործառոյթ, պիտի ամրապնդէ համայնքներու հետ կապը, պիտի մշակէ միասնական քաղաքականութիւն:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ սփիւռքը որպէս համաշխարհային ցանց դիտարկելու հնարաւորութիւնը, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու կողքին անհատներու ներգրաւումը: Այս առումով Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւորեց ՀԲԸՄ-ի արդիւնաւէտ փորձն ու աշխատանքը, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանի գործունէութիւնը: Երուանդ Զօրեան կը հանդիսանայ նաեւ այդ համալսարանի հիմնադիր նախագահը:

Հանդիպման աւարտին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, Հայաստանի եւ  սփիւռքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար Երուանդ Զօրեանը պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալով:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ աւելի խորացնել համագործակցութիւնը եւ հանդէս գալ նոր համատեղ նախաձեռնութիւններով:

Scroll Up