Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայուհիներն են հայապահպանութեան, մայրենի լեզուի յենարանները

«Հայերն այսօր»-ը  կը ներկայացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի շնորհաւորական ուղերձը մարտ 8-ի կապակցութեամբ

Սիրելի՛ կանայք,

Ջերմօրէն, ամենագեղեցիկ ցանկութիւններով կը շնորհաւորեմ Մարտի 8-ի առթիւ: Ես հակուած եմ կարծելու, որ տարուայ իւրաքանչիւր օրը պէտք է ձեզի համար ջերմութեամբ, ուրախ պահերով ու դրական լիցքերով լի ըլլայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ այս իւրայատուկ օրը  անգամ մը եւս մեզի կը  յիշեցնէ, որ գարնանային պայծառ շնորհաւորանքներ ըսելէ բացի` մենք պէտք է խորապէս մտածենք նաեւ կանանց իրաւունքերու պաշտպանութեան, տարբեր բնագաւառներու մէջ հնարաւորութիւններու հաւասարութեան, նաեւ խտրականութեան ու բռնութեան բացառման մասին:

Այսօր ձեր` աշխարհի ամենանուրբ, ամենախիզախ ու համարձակ էակներու տօնն է, սա ձեր իրաւունքերու վերահաստատման օրն է, նաեւ հնարաւորութիւն մեզի` տղամարդոց համար,  անգամ մը եւս կանանց անսահմանափակ ներուժը վերարժեւորելու ու ինքնավերլուծութեան համար:

Սրտանց կը շնորհաւորեմ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայուհիներուն, հէնց անոնք են սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայեցիութեան, մայրենի լեզուի յենարանները, եւ այդ առաքելութիւնը խոնարհումի ու ամենաբարձր գնահատականին  արժանի է: Առանց ձեզ անհնար է պատկերացնել հայ դպրոցն ու ընտանիքը, եւ ձեր գործը ամենապատուաբերն ու ամենադժուարն է միաժամանակ:

Սիրելի՛ կանայք,

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ գարնան այս արեւոտ, չքնաղ օրուան առթիւ, կը մաղթեմ, որ ձեր ներքին  արեւը, գարունը երբեք չմարի, որ իրականացնէք ձեր բոլոր երազանքները ու ցանկութիւնները:

 

 

Scroll Up