Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը Հադիպեցաւ «ՆերՈւժ» Ծրագիրի Գործընկեր Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ

Յունուար 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան հանդիպեցաւ «ՆերՈւժ» ծրագիրի գործընկեր կազմակերպութիւններու`  FAST հիմնադրամի, «Impact Hub Yerevan» ընկերութեան, «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան, Հայ-ռուսական համալսարանի, Գործարարութեան աջակցման գրասենեակի, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան եւ GG առցանց տաքսի ծառայութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ծրագիրին յաղթող սթարթափներու` Հայաստանի մէջ գործունէութեան մանրամասնութիւնները, այդ ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքերն ու յետագայ ընելիքները:

Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նմանատիպ հանդիպումները դարձնել պարբերական:

Յիշեցնենք, որ «ՆերՈւժ»  սթարթափ ծրագիրը նախատեսուած էր սփիւռքի 18-էն 35 տարեկան հայազգի երիտասարդ ձեռներէցներու համար:  2018 թուականի դեկտեմբեր 16 -21 UWC Դիլիջան քոլեջին մէջ ծրագիրին մասնակցեցան մօտ 70 սթարթափերներ, որոնցմէ  50-ը` սփիւռքէն: Քառօրեայ ձեռնարկին գերակայ նպատակն էր հայազգի երիտասարդ ձեռներէցներու համար Հայաստանի մէջ գործածարութեամբ զբաղուելու հարթակ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծումը, սթարթափային էքոհամակարգի ստեղծման համար բարենպաստ միջավայրի ապահովումը, առանցքային սթարթափային գործարարութեան զարգացման հմտութիւններու կիրառումը, համագործակցութեան եւ ֆինանսաւորման համար հնարաւորութիւններու ընձեռումը:

Scroll Up