«Սպիտակի Երկրաշարժէն Հաշուած Ժամեր Անց Սփիւռքը Բռունցք Դարձաւ». Մխիթար Հայրապետեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ուղերձը Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր կը լրանայ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը: Եթէ փորձեմ բառերով գրել մարդկային ցաւի, ողբերգութեան, կորսուած երազանքի մասին, գրեթէ բան մը  ըսած չեմ ըլլար: Իմ սերունդս 1988-ի երկրաշարժը տեսած է միայն նկարներու ու վաւերագրական ֆիլմերու մէջ, լսած է վերապրածներու յուշերը, ու այդ պատկերներու, բառերու ու յիշողութիւններու մէջէն սեփական հոգիին մէջ  զգացած է աւերիչ ցնցումը: Աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ  ապրող հայու համար երկրաշարժը դարձաւ անձնական տառապանք, կար անդարձ կորուստի տագնապը, ու մինչ օրս ընտանիքներ, հարազատներ, ընկերներ կորսնցուցածներուն կը թուի, ուր որ է, պիտի վերագտնեն երջանկութիւնը, ժպիտը,  հարազատ աչքերը: Սակայն երբեք, երբեք ժամանակն ունակ չէ լեցնելու դատարկութիւնը, ժամանակը պարզապէս կը ստիպէ ապրիլ նոր իրականութեան մէջ:

Սպիտակի երկրաշարժէն հաշուած ժամեր անց սփիւռքը բռունցք դարձաւ, եւ ցուցաբերուած ահռելի նիւթական օգնութեան զուգահեռ Հայաստանի կողքին եղաւ սեփական սրտի ամէն զարկով: Նոր գարնան, կուռ կամքի ու սէր-Հայաստանի մասին երգեց Ազնաւուրն ու դարձաւ կարեկից սփիւռքի խորհրդանիշը: «ՍՕՍ Արմէնի», «Ազնաւուրը Հայաստանին» եւ տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ միջազգային հանրութեան հետ միասին կրցան յոյսի սերմեր ցանել, մաքրել արցունքերն ու ըսել` դուք ձեր ցաւին հետ մինակ չէք: Աշխարհի ամենահեռաւոր ծայրերէն  սփիւռքահայերը կը ժամանէին Հայաստանի  ու իրենց հետ կը բերէին ինչ հնարաւոր էր` սննդամթերք, հագուստ, դեղօրայք: Սփիւռքը պարզապէս մոռցաւ երկաթէ վարագոյրներու ու արհեստական բաժանումներու մասին, եւ միաւորուեցաւ ցաւի, յոյսի, երազի շուրջ: Այդ ամէնն անուրանալի է, եւ ՀՀ կառավարութեան անունէն մեր խոնարհումն ու երախտիքի խօսքը կը փոխանցեմ աշխարհասփիւռ հայութեան:

Այսօր ցաւով պիտի արձանագրենք, որ երեք տանսամեակ անց դեռեւս կիրառելի են «աղէտի գօտի» ու «տնակ» արտայայտութիւնները, որ երկրաշարժի մասին մեզ դեռեւս կը պատմեն Գիւմրիի արուարձանները, աւերուած շինութիւնները, այդպէս ալ սեփական տանիք չստացած բնակիչները: Այնինչ շատոնց արդէն երկրաշարժը պիտի ըլլար միայն ցաւի ու մարդկային կորուստներու պատում, իսկ Գիւմրին ու Սպիտակը պիտի ծաղկէին նոր ուժով, նոր գեղեցկութեամբ, նոր կեանքով:

Դեկտեմբեր 7-ը մեզի համար պարտաւորեցնող օր է: Այն մեզի կը յիշեցնէ անցեալի հանդէպ պատասխանատուութեան ու ներկան փոխելու պարտաւորութեան մասին: Ահա այս բանաձեւով փորձենք առաջ երթալ:

Scroll Up