Armenia Fund-ի Թելեթոն 2018ին 17 Տոկոսով Աւելցած Է Հանրութեան Մասնակցութիւնը

Ամերիկահայ համայնքի տասնեակ հազարաւոր անդամներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին գործող հայ քաղաքական, կրօնական եւ բարեգործական բոլոր գլխաւոր կազմակերպութիւններուն աննախընթաց նեցուկով, 11.1 միլիոն տոլար հանգանակուեցաւ Armenia Fund-ի միջազգային 21րդ թելեթոնին, նպատակ ունենալով իրագործել հայրենիքի զարգացման համար բազմապիսի մեծածաւալ ծրագիրներ, ներառեալ ոռոգման եւ արեւային ջերմուժի նորագոյն ճարտարագիտութիւններու կիրառումը՝ Հայաստանի ու Արցախի տնտեսապէս ընկճուած շրջաններուն մէջ: Թելեթոնին ամբողջ ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարուեցան տասնեակ երկիրներէ:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակյան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նորընտիր գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Լոս Անճելըս այցելեցին՝ քաջալերելու համար Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը, որպէսզի լայն մասնակցութիւն բերէ Թելեթոնին:

«Ամբողջ ամերիկահայ համայնքը իր վճռական նեցուկը ցուցաբերեց Armenia Fund-ին՝ բոլորէն սիրուած մարդասիրական կառոյց մը, որ իր հիմնադրութենէն՝ 1992էն ի վեր կը ներշնչէ հարիւր հազարաւոր սփիւռքահայեր՝ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ի խնդիր հսկայական աջակցութիւն մատուցելու», յայտնեց Armenia Fund USA-ի նախագահ Մարիա Մեհրանեան՝ շարունակելով. «Վստահ ենք, որ Թելեթոն 2018ով իրականացուելիք ծրագիրները խորապէս դրական հետեւանք պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու կեանքերուն վրայ»:

Armenia Fund-ի եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձութեանց անդամները գործօն դեր կատարեցին՝ այս տարուան Թելեթոնին համայն աշխարհի հայութեան լայն մասնակցութիւնը քաջալերելու նպատակին մէջ: Իրենց կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինյան այցելեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակը, ուր իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կոչ ըրին իրենց օրինակին հետեւելու:

«Թելեթոն 2018ին հանգանակուած գումարին կէսը՝ շուրջ 5.5 միլիոն տոլար, գոյացաւ ինքնին Միացեալ Նահանգներէն, բաղդատած անցեալ տարուան 3.6 միլիոն տոլարին», յայտնեց Armenia Fund-ի գործադիր տնօրէն Սարգիս Քոթանջեան: «Իսկ ամէնէն յատկանշականը այն է, որ նուիրատուներու թիւին իմաստով աճ արձանագրեցինք ամերիկահայ համայնքի գրեթէ բոլոր հատուածներուն, ինչպէս նաեւ նուիրատուութեան չափի բոլոր մակարդակներուն պարագային: Նախնական տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան, որ թելեթոնին հանրութեան մասնակցութիւնը աւելցած է առնուազն 17 տոկոսով: Անկասկած, ասոր մէջ դրական դեր ունեցան Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները»:

22 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսէն 12 ժամ անընդմէջ հեռարձակուած թելեթոնը կ՛ընդգրկէր վաւերագրական ֆիլմեր՝ Թելեթոն 2017՝էն ի վեր Armenia Fund-ի իրագործած բազմաթիւ ծրագիրներու նպաստընկալներուն մասին, եւ մասնաւորեց Հայաստանի ու Արցախի տարածքին հազարաւոր անհատներու կեանքերուն մէջ յառաջացած այն դրական փոփոխութիւնները, որոնք կարելի դարձան համայն հայութեան նուիրատուութիւններով: Թելեթոնը նաեւ ներառեց ամերիկահայ յայտնի անհատներու կողմէ շահեկան արծարծումներ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին, շեշտելով Armenia Fund-ի առաջատար դերը՝ Սփիւռքի կողմէ իր պատմական հայրենիքին բերուած օժանդակութեան մէջ:

Թելեթոն 2018ի արշաւը կը շարունակուի: Կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին՝ 1-800-888-8897 կամ դիմելով հետեւեալ ապահով կայքակապին՝ www.armeniafund.org/donate:

Armenia Fund, Inc.-ը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատուած անկախ, ոչ-յարանուանական, 501 (c) (3) ոչ-շահաբեր եւ տուրքէ զերծ Քալիֆորնիական ընկերութիւն մըն է: Բոլոր նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ են, օրէնքով թոյլատրուած առաւելագոյն չափով:

Scroll Up