Բոլորս Մասնակցինք Հայաստան Համահայկական Հրաշք Հիմնադրամի Թելեթոնին

«Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն հարստութիւնը հայ մարդն է, որ ընդունակ է Հայաստանը դարձնելու եզակի, հարուստ, գեղեցիկ, ժամանակակից եւ քաղաքակիրթ երկիր մը»:

ԿԱՄՕ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին, կը պատրաստուի ազգային-հայրենասիրական խորագոյն գիտակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերելու եւ նիւթական աջակցութիւն ընծայելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի աւանդութիւն դարձած տարեկան դրամահաւաքին:

Քսանմէկ տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի հիմնադրամի պատասխանատուները, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան հեռատեսիլի միջոցաւ նախ մեր շրջանի հայութեան, ապա ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի հայութեան եւ վերջապէս ողջ աշխարհի հայութեան հասնելով, կրցան համահայկական բնոյթ ունեցող այս դրամահաւաքը կազմակերպել:

Այս հիմնադրամը առաջին օրէն իսկ վայելեց եւ ղեկավար դիրքի վրայ ունեցաւ մեր հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, վարչապետը, սփիւռքի քաղաքական, բարեսիրական կազմակերպութեանց ղեկավարները եւ ապահովեց բարերարներու մեծ հոյլ մը: Բայց այս բոլորէն վեր եւ աւելի, ունեցաւ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ մեր ժողովուրդին միահողոյն վստահութիւնը եւ նեցուկը:

Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն էր ողջ հայութիւնը մասնակից դարձնել հայրենաշինութեան եւ հայրենակերտութեան սուրբ եւ պատուական գործին: Այդպէս ալ եղաւ. ամէն տարի նուիրատուներուն թիւը կը բարձրանար, կամաւորները կը բազմապատկուէին, իսկ հիմնադրամին ծառայութիւններն ու աշխատանքները կ’ընդարձակուէին: Քսանմէկ տարիներու ընթացքին բազմամիլիոն տոլարներ արժող ծրագիրներ իրագործուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Համահայկական այս հիմնադրամը հանդիսացաւ այն հրաշագործ մագնիսական ուժը՝ որ կրցաւ ողջ հայութեան բոլոր միաւորները ի մի բերել, միացնել, յստակ եւ նպատակայարմար գործերու լծել:

Մեր ժողովուրդը հաւատաց այս հիմնադրամին եւ հերոսավայել նուիրումով եւ նուիրատուութիւններով սատար եւ նեցուկ եղաւ անոր բոլոր ծրագիրներուն: Մեծաթիւ մեծահարուստ բարերարներ իրենց գանձով, համեստ աշխատաւորներ իրենց լումաներով, բայց բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի տուած, սրտով եւ հոգիով հայրենաշինութեան այս Սուրբ Գործին լծուեցան:

Ըսուած է, թէ «շատ մարդիկ կան որոնք կ՚ուզեն դրախտ երթալ՝ առանց մեռնիլ ուզելու»: Դրախտ երթալու համար, որքան ալ բարեպաշտ ըլլանք, հոգեւոր կեանքով ապրինք, անհրաժեշտ է որ զոհուինք, մարտիրոսանանք դրախտին արժանանալու համար:

Բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդը իր հնամեայ պատմութեան ընթացքին դրախտավայր Հայաստանին համար զոհուած, նահատակուած, բազում մարտիրոսներ տուած է եւ այսօր ալ նոյն ոգիով պատրաստ եղած է եւ իր կարելիին ներած չափով իր նիւթական եւ բարոյական նպաստը բերելու դրախտավայր մեր Հայաստանին համար:

Վերջին տարիներուն, հիմնադրամի Արեւմտեան տնօրէնութիւնը դէպի Հայաստան խմբական ճամբորդութիւններ կը կազմակերպէ, որպէսզի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս բարերարներուն ծանօթացնեն եւ ցոյց տան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամի իրագործած ծրագիրները:

Քանի մը տարի առաջ մենք բախտը ունեցանք հիմնադրամի այս պտոյտին մաս կազմելու:

Մենք մօտ 14 տարի շատ մօտէն ծանօթ եղած ենք այս հիմնադրամի իրագործումներուն: Բայց ինչ որ այս պտոյտին տեսանք եւ լսեցինք, վեր էր մեր բոլոր ակնկալութիւններէն: Բազմաթիւ վիթխարի շինարարական գործեր տեսանք, ճանապարհներ, ազատուղիներ (Freeway), դպրոցական խիստ արդիական շէնքեր, գիւղական ժողովրդային հաւաքատեղիներ եւ ջրամատակարարման ծրագիրներ, հողագործներուն օժանդակութիւններ: Մօտ հազարի հասնող ծրագիրներ իրագորրծուած են այս 21 տարիներու ընթացքին:

Այս բոլոր ծրագիրները եղած են հայ ժողովուրդի հանճարով, հայու ձեռքով, բանուորներով եւ ուժով: Այսպէսով բազմաթիւ գործեր ստեղծուած են ժողովուրդին համար: Այս բոլորին ականատես ըլլալով, հիացած ենք այս գործերուն որակին, անոնց ճարտարապետական յղացքին: Իսկ մենք խորապէս ազդուած հրաժեշտ կուտայինք այդ ծրագիրներէն ու շէնքերէն, մեր սրտագին օրհնութիւնները տալով այս հիմնադրամի բոլոր պաշտօնէութեան, շինարարներուն, բայց մանաւանդ մեր թանկագին ժողովուրդին ու բարերարներուն, որոնց նիւթական նուիրատուութեամբը կարելի է այդ բոլորը կեանքի բերել:

Սիրելի´ հայրենակիցներ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին բոլորս ալ պատրաստուինք մեր սրտաբուխ նուիրատուութեան, ապրինք եւ մեր զաւակներուն ալ օրինակ ըլլանք, որպէսզի անոնք ալ մեզի պէս ապրին հայ ըլլալու հպարտութիւնը:

Եկէ´ք մենք ալ մեր նպաստը բերենք մեր ժողովուրդի հայրենակերտման այս Սուրբ Գործին:

Ընդառաջե´նք հայրենի նորընտիր վարչապետին՝ քաջարի Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, եւ այս տարի կրկնապատկենք դրամահաւաքի գումարը:

Scroll Up