«Ոգեշնչուած Կոմիտասով». Ցուցահանդէս-Ձեռնարկ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

«Էստոնաբնակ արուեստագէտ, Էստոնիոյ միջազգային նկարիչներու միութեան նախագահ Արսէն Քլեանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ նոյեմբեր 12-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ պիտի կայանայ «Ոգեշնչուած Կոմիտասով» խորագիրով ցուցահանդէս-ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին միութեան անդամ հանդիսացող հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ տասնմէկ արուեստագէտ: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի գեղանկարչութիւն եւ քանդակ:

Արսէն Քլեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ Կոմիտասի 150-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող ցուցահանդէսը  պիտի խթանէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի արուեստագէտներու կապերու ամրապնդման եւ աշխարհի մակարդակով հայկական կերպարուեստի զարգացման:

«Ցուցահանդէսի այցելուները հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսնելու Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն ոգեշնչուած նկարներ: Ըլլալով մեծն Կոմիտասի ժառանգորդներ` անոնցմէ գօտեպնդուած կը շարունակենք մեր աշխատանքը: Արուեստագէտներն ինչպէս զգացած են կոմիտասեան երաժշտութիւնը, այդպէս ալ ստեղծագործած են: Օրինակ` «Կաքաւիկ»-ը լսելուն` կաքաւ  նկարած են եւ այդպէս շարունակ: Մինչեւ հիմա չեմ նկատած, որ Կոմիտաս որեւէ տեղ ներկայացուած ըլլայ նման մօտեցումով: Առհասարակ, մեր նպատակն է ընդգծել այն հանգամանքը, որ հինի եւ նորի իւրայատուկ համադրութեամբ` կարելի է արուեստէն արուեստ ստեղծել»,-նշեց Արսէն Քլեան:

Աւելցնենք, որ Արսէն Քլեան դասական ժանրի դիմանկարիչ եւ քանդակագործ է: Աւարտած է Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, այնուհետեւ Լաթվիոյ գեղարուեստական ակադեմիան, 1980-ական թուականներու սկիզբը տեղափոխուած է Էսթոնիա:

Ցուցահանդէսներով հանդէս  եկած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Գանատայի, ԱՄՆ, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ բազմիցս` Էստոնիոյ մէջ:

 

Scroll Up