Կիւլերին Ամբողջ Աշխարհի Մէջ Իրաւամբ Համարեցին Լուսանկարչութեան կնքահայր. Մխիթար Հայրապետեան

Կեանքէն հեռացած է աշխարհահռչակ պոլսալահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը:

Թուրքիոյ, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ անոր  իրաւամբ համարեցին լուսանկարչութեան կնքահայր, ֆոտոռեպորտաժի ու դիմանկարի ժանրի անկրկնելի վարպետ, կէս դարէն աւելի նայեցան անոր նկարներուն ու պարզապէս ըսին` Կիւլերը կենդանի առասպել է:

Կը պատմեն, որ Հայաստան վերջին այցի ժամանակ գիշերուան  ուշ ժամուն խնդրած է զինք Ծիծեռնակաբերդ տանիլ, գացած է, քալած դէպի բարձունքը, յուզուած , արտասուած է:

Ահա այսպիսին  եղած է մեծ հայը` իր Պոլսոյ տարեգիրն ու ամենատես հայկական աչքը, որ միշտ անթարթ պիտի նայի աշխարհի բազմերանգ քաղաքի ամենատաք գոյներուն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան

Scroll Up