Մխիթար Հայրապետեանի Հարցազրոյցը Եգիպտական Հեղինակաւոր «Ալ-Ախպար» Թերթին

«Հայերն այսօր»-ը  թարգմանաբար կը ներկայացնէ եգիպտական «Ալ-Ախպար» թերթի հարցազրոյցը  ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ:

– Պարո՛ն Հայրապետեան, որքա՞ն  է  հայերու թիւը աշխարհի մէջ, եւ  քանի՞  հոգի կը բնակի Եգիպտոսի մէջ:

– Ժամանակակից հայկական սփիւռքը կը հաշուէ շուրջ 7 մլն մարդ, ներառեալ` 1915-1923թթ.. Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածները, անոնց ժառանգները, ինչպէս նաեւ ԽՍՀՄ փլուզումէն  յետոյ նախկին խորհրդային տարածքին մէջ բնակող հայերը եւ ՀՀ անկախութեան ձեռքբերումէն ետք  երկրէն արտագաղթածները: Իսլամացած հայերու թիւը կը հաշուէ շուրջ 2 մլն մարդ, որոնք հիմնականին մէջ կը բնակին ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին մէջ (հիմնական` բռնի իսլամացուած հայեր), Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

Եգիպտոսի մէջ հայերը հաստատուած են դեռեւս 2-3-րդ դարերուն: Մերօրեայ եգիպտահայերը մեծաւմասամբ Եգիպտոս ծնած ու քաղաքացիութիւն ունեցող հայեր են, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած են Ալեքսանտրիա եւ Գահիրէ: Մինչեւ 1952 թ. մօտ 60 000 հայ կը բնակէր այստեղ, այժմ անոնց թիւը կը կազմէ շուրջ 7 000 մարդ:

– Ինչպէ՞ս սփիւռքահայերը կը նպաստեն իրենց երկրի տնտեսութեան զարգացման:

– Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սփիւռքի մէջ կը տիրեն դրական տրամադրութիւններ, լիցքեր, որոնք քիչ-քիչ կը վերածուին արդիւնքի, յաճախ` Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու կողմէ ներդրումներու տեսքով:

Յեղափոխութենէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի մէջ գործարարութիւն ընելու կոչով դիմեց աշխարհասփիւռ հայութեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ կարելի է գործել, վաստակել, զարգանալ` օրինական եւ հաւասար դաշտի մէջ: Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ բազում հանդիպումներու ընթացքին եւս յաճախ կը նշեմ, որ Հայաստան լոկ յուզական տարածք չէ, այն ժամանակակից պետութիւն է` լայն հնարաւորութիւններով: Եւ ներդրում ընելու ու գումար վաստակելու արդիւնքով կը շահինք բոլորս: Այս առումով սփիւռքի նախարարութիւնը ներդրողներուն ճիշդ ուղղորդելու, համապատասխան գերատեսչութեան հետ կապեր հաստատելուն օժանդակելու առումով կը կատարէ իր գործը:

Միանշանակ է նաեւ, որ սփիւռքի մէջ  անվստահութեան մթնոլորտը կոտրուած է, եւ մեծ հետաքրքութիւն կայ Հայաստանի գործարարութեան հնարաւորութիւններուն հանդէպ: Այսօր ալ շատ սփիւռքահայ գործարարներ հայրենիքի մէջ գործարաններ կը հիմնեն, ներդրումներ կ´ընեն նորարական արուեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, կրթութեան բնագաւառներուն մէջ:

– Ինչպէս կը պատկերացնէք եգիպտական կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը եգիպտահայերուն մեծարելու ձեռնարկ կազմակերպելու  ուղղութեամբ (սեպտեմբերի վերջին կայացած ձեռնարկին  մասնակցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան- Հ.Ա.):

– ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կ´ողջունէ եւ խորապէս կը գնահատէ եգիպտական պետութեան կողմէ նախաձեռնած` եգիպտահայ համայնքին նուիրուած ձեռնարկի իրականացումը: Համոզուած եմ` նման նախաձեռնութիւն մը մեծ ոգեւորութիւն կ’առաջացնէ հայ համայնքէն ներս եւ առաւել կը ջերմացնէ Հայաստան-Եգիպտոս բարեկամութիւնը:

– Ինչո՞վ  կարեւոր է հայ–եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդումը:

– Հայ-եգիպտական բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Տարիներու ընթացքին հաստատուած բարի դրացիական յարաբերութիւնները միայն կը նպաստեն բարեկամ երկիրներու միջեւ տնտեսական, զբօսաշրջային կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ հայ համայնքին նկատմամբ արդէն իսկ հաստատուած բարեացակամ վերաբերմունքի ամրապնդման: Եգիպտահայ համայնքը ընդգրկելով «Nostos. The return» ծրագիրին` հնարաւորութիւն կը ստեղծի օրր օրին ծերացող եւ նօսրացող հայ համայնքի երիտասարդութիւնը վերադարձնել իր արմատներուն:

– Մինչ եգիպահայերու մեծարանքի ձեռնարկները, արդեօ՞ք անցեալին այլ երկիրներու մէջ եւս կազմակերպուած են սփիւռքահայերուն մեծարելու ձեռնարկներ:

– Անցնող տարիներուն ընթացքին տարբեր երկիրներու մէջ բազմիցս կազմակերպուած են հայ համայնքներու մեծարման ձեռնարկներ, օրինակ` ՌԴ-ի մէջ 2017թ. աշնան ՌԴ եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ իրականացուած է «Հայաստանի մշակոյթի օրեր»,  2018թ. Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ Տլիմսեն ու Սպինոզա փողոցներու հատման կէտին գտնուող ճեմուղին վերանուանուած է հայազգի կին գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր Զապէլ Եսայեանի անունով եւ այլն:

Անցած տարի Լեհաստանի խորհրդարանը, նշելով Լեհաստանի մէջ հայ համայնքի 650-ամեակը, իր երախտիքը յայտնեց հայ համայնքին եւ ընդունեց յատուկ բանաձեւ` այդպիսով մէկ անգամ եւս գնահատելով հայերու` Լեհաստանի պատմութեան մէջ ունեցած մեծ դերակատարութիւնը: Նման ձեռնարկներու ցանկը կարելի է երկար շարունակել: Սա նաեւ պայմանաւորուած է անով, որ հայերը, որ երկրին մէջ ալ բնակութիւն  հաստատած են, փորձած  իրենց ներդրումն ունենալ տուեալ երկրի զարգացման գործին:

– Ինչպէս Կ´իրականացուի  Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքահայերու արտագաղթածներու  համագործակցութիւնը:

– Սփիւռքի հայ համայնքներու եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ մշտական կապը եւ գործակցութիւնը կ´իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ անմիջական կապի, ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներուն մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկութիւններու միջոցով: Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով ձեւաւորուած կառավարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր տրամաբանութիւն ու օրակարգ  առաջ բերած է: Այս տարի արդէն նախարարութիւնը նոր ծրագիրներ  մեկնարկած է` յատկապէս շեշտադրելով սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ տարուող աշխատանքերը:

 

Scroll Up