«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներն Այցելեցին «Լոֆթ» Ինքնազարգացման Կեդրոն

Օգոստոս 13-ին «RepatArmenia» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան «Լոֆթ» ինքնազարգացման կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում՝ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն եւ մեր հայրենադարձներուն հետ: Հանդիպման ներկայ էին Բաբգէն Տէր Գրիգորեան (ԱՄՆ), Վարդան Մարաշլեան (Ռուսաստան), Ճորճ Տաբակեան (Լիբանան), Անահիտ Իսախանեան (Գանատա), Շանթ Մկրտիչեան (ԱՄՆ), Մարիաննա Եուլեան (Սուրիա):

Հանդիպման նպատակն էր ծանօթանալ եւ շփուիլ արդէն իսկ հայրենադարձ մեր հայրենակիցներուն հետ: Մասնակիցները կիսուեցան իրենց անձնական փորձով, պատմեցին իրենց պատմութիւնը, ներկայացուցին հայրենիքի մէջ ծաւալած գործունէութիւնը:

Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նոյնպէս պատմեց իր անցած ճանապարհի մասին: Նախարարի տեղակալը սկիզբը եկած է Հայաստան որպէս զբօսաշրջիկ, յետոյ վերադառնալով յետ` ԱՄՆ, ուղղակի չէ պատկերացուցած իր կեանքն առանց Հայաստանի: Փոխնախարարը «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն խորհուրդ տուաւ սիրել Հայաստանը, հաստատուիլ հայրենիքի մէջ եւ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերել հէնց Հայաստանի մէջ: Երիտասարդներուն հետ հարց ու պատասխանէն ետք, փոխնախարարը յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնցմէ շատերը կը վերադառնան հայրենիք:

Scroll Up