«Արի Տան» Իրաքահայ Մասնակիցները Հայաստանի ՄԷջ Լիարժէք Հայ Կը Զգան

«Արի տուն» ծրագիրի անցումային փուլի մասնակիցներէն շատերն առաջին անգամ  Հայաստան կու գան եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը շրջին ու կը ծանօթանան իրենց հայրենիքին:

18-ամեայ Ռիթա Մովսէսեան տպաւորուած է աւելի շատ, քան կ՛ակնկալէր: «Շատ երջանիկ եմ, որ իմ հայրենիքիս մէջ եմ, կրնամ տեսնել ու շօշափել Հայաստանը: Այստեղ ինծի իրապէս հայ կը զգամ, տունիս մէջ կը զգամ, մենք Իրաքի մէջ ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր հայկականութիւնը պահենք, բայց միայն այստեղ  ինքզինքս լիարժէք հայ զգացի»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Ռիթան:

«Արի տան ծիրէն ներս  բազում տեսարժան ու պատմական վայրեր այցելեցինք, որոնց մասին պատմեց հետեւեալը. «Շատ գեղեցիկ վայրեր  այցելած ենք, ինծի տպաւորած է Օշականը, Էջմիածինը նաեւ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ Հայաստանի մէջ ապրող ու այլ երկիրներէ եկած հայերու հետ շփուելու»:

13-ամեայ Նարեկ Ղազարեանը նոյնպէս առաջին անգամ կու գայ Հայաստան.« Քանի որ Իրաքի մէջ չեմ կրնար լաւ տիրապետել մայրենիին, ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ հայերէն ու հայոց պատմութիւն սորվելու: Շատ հպարտ կը զգամ ` շրջելով հայրենիքիս տարբեր տեսարժան վայրերով»: Նարեկն այս կարճ ժամանակուան մէջ հասցուցած է ընկերանալ այլ երկիրներու մասնակիցներու հետ. «Շատ հաճելի է այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերու հետ ծանօթանալը, անոնց մտածելակերպը մեզմէ տարբեր է, բայց բոլորիս մէկ բան  կը միաւորէ ` մենք հայ ենք: Մի քանի հոգիի հետ արդէն հասցուցած  ենք շատ մտերմանալ»:

Արփի Պետրոսեան

Scroll Up