Համահայկական Մրցանակաբաշխութեան Մրցանակակիրներ

Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017թ.-ի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Հայերն այսօր»-ը զրուցած է մրցանակակիրներէն լիբանանահայ ուսուցչուհի Մարիժան Ատուրեանի եւ լոնտոնաբնակ քարտէզագիր, աշխարհագրագէտ Ռուբէն Գալչեանի հետ:

Այնճարի (Լիբանան) Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը արժանացած է «Մայրենիի պաշտպան» 1-ին կարգի մրցանակի:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` վարժարանի հայոց լեզուի եւ պատմութեան երկարամեայ ուսուցչուհի Մարիժան Ատուրեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ իրենց համար պատուաբեր է Հայրենիքի մէջ նման գնահատականի արժանանալը եւ աւելցուց, որ այս ամէնէն յետոյ Սփիւռքի մէջ ազգանպաստ գործը առաւել ոգեւորութամբ պիտի շարունակեն կատարել:

Ան նշեց նաեւ, որ Այնճարը փոքրիկ Հայաստան է Լիբանանի մէջ, ուր միշտ հայկական շունչն ու ոգին կը թեւածէ: Այնտեղ անոնք կրնան առանց խոչընդոտներու հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր կրթական, մշակութային ծրագիրներ իրականացնել:

Թաւրիզ ծնած, այժմ Լոնտոն ապրող քարտէզագիր, աշխարհագրագէտ Ռուբեն Գալչեան «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մէջ արժանացած է 1-ին կարգի մրցանակի: Տեղափոխուելով Լոնտոն` ան հնարաւորութիւն  ունեցած է տարբեր քարտէզագրական նիւթեր ուսումնասիրելու: Գալչեանի առաջին գիրքը Հայաստանի պատմական քարտէզներու ժառանգութեան վերաբերեալ է (հրատ. «Tauris», Լոնտոն, 2004):  Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին Ռուբէն Գալչեան հրատարակած է եօթ գիրք` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն լեզուներով: Երկու գիրք ալ հրատարակած է հայկական մշակոյթի հանդէպ ատրպէյճանական զեղծարարութիւններու վերաբերեալ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up