Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ զանգերը կրկին ղօղանջեցին Սբ. Յարութեան Աւետիսով

Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին զինեալ ահաբեկիչներ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանի շէնքը գրաւելով վերածած էին հիւանդանոցի: Ապա աւեր գործելով վնասած էին շէնքն ու թալանած եկեղեցիին եւ վարժարանին կահն ու կարասին:

Տարիներ ետք առաջին անգամ կրկին ղօղանջեցին եկեղեցւոյ զանգերը, սակայն այս անգամ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան աւետիսով:

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, այցելեց Հոմսահայ հաւատացեալները եւ Սուրբ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Սուրբ Յարութեան արարողութիւն եւ բաշխեց Սուրբ Հաղորդութիւն: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներէն ընդունեց շնորհաւորանքներ Զատկական տօնական եւ հաւկթախաղի մթնոլորտին մէջ:

Յետ արարողութեան Սրբազան Հայրը այցելեց Ազգ. Գերեզմանատուն եւ կատարեց հոգեհանգիստ ի յիշատակ մեռելոց:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 2 Ապրիլ 2018

Scroll Up