Մեր Մեծերը. Սկիւտարի վերջալոյսներու թագուհին-Զապէլ Եսայեան

Զապէլ Եսայեան-140

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննիսեան)  գրողն ու թարգմանչուհին, հրապարակախօսն ու հասարակական գործիչը հայ գրականութեան պատմութեան էջերուն  հայ կին գրողի  իւրօրինակ  ձեռագիր մը դրոշմեց, որուն ամէն մէկ տողն ու բառը կը բխին հայրենասիրութեան, հայասիրութեան, մարդկային ազնիւ մղումներէ: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ իր ծննդավայր Սկիւտարի հարազատ Սիլիհտար թաղամասի բոցավառ վարդաստաններն են, հեռաւոր ու հայրենաբաղձ մեղեդիները, մայիսեան զով անձրեւները եւ անձրեւացող պարտէզի արահետներով յուշիկ քալող աղջնակը, որ յետոյ  հին ու հանճարեղ ժողովուրդի մը արիւնալի էջերու տարեգիրը պէտք է դառնար:

«Կը յիշեմ գարնան առաւօտները, երբ այդ այգիները, Սիլիհտարի պարտէզները, կը դառնային բոցավառ վարդաստաններ: Այդ վարդերը կը խուժէին տունէն ներս, կը զարդարէին անզարդ սենեակները, բուրում եւ երանգ կը բերէին ճերմակութիւնով պատած սենեակներու մէջ, կը դառնային խաղալիք երեխաներու ձեռքին եւ անոնց թերթիկները կ’անձրեւէին ամէնուն եւ ամէն բանի վրայ: Կը յիշեմ կլիսիններու գահավիժումը սարփինաներու վրայէն, որոնք պերճ պատմուճաններու պէս կը ծածկէին զառամած տուներու խլխլիկ թշուառութիւնը: …Կը յիշեմ տենդագին եւ գաղջ իրիկունները, գորտերու կռկռոցը աւազաններու մէջ, կայծոռիկներու ոստում­­ները եւ արտեզեան հորերու անվերջ ճռինչը, որ մինչեւ իմ հիւանդոտ երեխայի խռոված քունիս մէջ, կ’ընկերանար իմ երազներուս: Երբեմն ալ հովիւի սրինգ մը Րումելիի տափաստաններէն գաղթած պարտիզպանի մը ձեռքին, հեռաւոր եւ հայրենաբաղձ մեղեդի մը կ’երգէր: Կը յիշեմ տառապանքս այդ բազմերես բնութեան գեղեցկութեան առաջ, անզօր բաղձանքս ընդգրկելու, իւրացնելու ինչ- որ ցրիւ բուրմունք էր, երանգ, լոյս եւ երազ… Կը յիշեմ մայիսեան զով անձրեւը, որ կը տեղար հապճեպ մրմունջով, պապակած բոյսերու եւ կարմիր կղմինդրներով ծածկուած տանիքներու վրայ… Կը յիշեմ ինքզինքս մեր պարտէզի արահետներուն մէջ, տոտիկ- տոտիկ քալելով լոյսի արատներու վրայ , որ կը դողդղային երերուն ճիւղերու թողած շուքին մէջ: Կը յիշեմ անորոշ մտատանջութիւնը, որ յանկարծ կը գրաւէր ինձ, երբ ուշադիր կը լսէի ծառերու սօսաւիւնը եւ առուակներու խոխոջը»:

… 1878-ին Կոստանդնուպոլսոյ Սիլիհտար թաղամասին մէջ ծնունդ առած Զապէլ Յովհաննիսեան (յետագային` Եսայեան` ամուսնուն` նկարիչ Տիգրանի ազգանունով) կրթութեան առաջին քայլերը սկսելով Սկիւտարի Սուրբ Խաչ վարժարանին մէջ, յետագային ուսանելով Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ եւ  մասնակցելով Քոլեջ տը Ֆրանսի գրականութեան ու փիլիսդոփայութեան դասընթացներուն` կ’անցնի կրթական ու ստեղծագործական վերելքի ճանապարհներով` չնայած բաւականին երիտասարդ հասակին`  դեռ 1895-ին  Արշակ Չոպանեանի «Ծաղիկ» հանդէսին մէջ լոյս  ընծայուած էր անոր առաջին արձակ բանաստեղծութիւնը` «Երգ առ գիշեր» վերնագիրով: Ատիկա գրական մեծ ճանապարհի սկիզբն էր, որմէ յետոյ ժամանակի նշանաւոր պարբերականներուն մէջ լոյս կը տեսնեն անոր  նովելներն ու պատմուածքները, վիպակները, գրականագիտական, արուեստին նուիրուած արժէքաւոր յօդուածներն ու ֆրանսերէնէ (Մեթերլինկէն` «Մահը», «Իմաստութիւն ու ճակատագիր») կատարած թարգմանութիւնները: «Սկիւտարի վերջալոյսներ» (1905, «Արեւելեան մամուլ»), «Կեղծ հանճարներ» (1905,«Արեւելեան մամուլ»), «Հլուները եւ ըմբոստները» (1906, «Ազատ բեմ»), «Շնորհքով մարդիկ» (1907) վիպակներն արդէնիսկ  կը վկայէին  գրական ասպարէզին մէջ յայտնուած լուրջ եւ ըսելիքի խորութիւն ունեցող գրողի մասին: Կարեւոր համարելով կնոջ դերը հասարակութեան մէջ` Եսայեան գրած է. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինք յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը». հաւատոյ այս հանգանակով առաջնորդուող գրողը` հէնց իր սեփական անձով ու գործունէութեամբ հաւաստեց այս խօսքերու Ճշմարտացիութիւնը:  Ընդամէնը 30-ամեայ հայուհին արդէն կը համարուէր ժամանակի  կայացած ու լաւագոյն գրողներէն: Ան մտաւորականութեան երեւելի ներկայացուցիչ էր իր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեամբ ու ստեղծագործական աշխատանքի «բեռով»: 1908-ին Եսայեան կը վերադառնայ Կոստանդնուպոլիս, 1909-ին Ատանայի ջարդերու կապակցութեամբ ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ կը մեկնի Կիլիկիա:

 Կիլիկեան ջարդերու ժամանակակիցը` 1915 թ. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած այս համարձակ հայուհին, որ լռութիւնը դաւաճանութիւն կը համարէր, հրաշքով փրկուելով ջարդէն` բնակութիւն կը հաստատէ Պուլկարիոյ մէջ, ապա` Թիֆլիսի, կը գրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Վերջին բաժակը», «Հոգիս աքսորեալ» վիպակները` անով իր բողոքի ձայնը բարձրացնելով` ի լուր ննջած ու Հայոց ցաւին անտարբեր աշխարհին: Այդ սարսափելի կոտորածի թեմաներով Եսայեան յօդուածներ կը տպագրէ թերթերու մէջ, պատմուածքներ կը գրէ:

 1921 թուականի օգոստոսին անոր ընտանիքէն ներս տեղի ունեցած ողբերգութիւնը` ամուսնուն` Տիգրան Եսայեանի մահը, կարծես աւելի կ’ուժեղացնէ հպարտ ու անկոտրում հայուհիին, որ իր զաւակներուն` Հրանդի եւ Սոֆիի համար այնուհետ եւ՛ մայր էր, եւ՛ հայր: Գրականութեան, հասարակական աշխոյժ գործունէութեան ասպարէզին մէջ ան` իբրեւ մեծ ազգասէր, առաջնորդուած է իր` զապէլեանական անդաւաճան սկզբունքով ու ըսելիքով` «Ինչ ըրած եմ, ըրած եմ յօգուտ սիրելի ազգիս ու հայրենիքիս: Լաւ է` վերցուցէք ինչքան եւ ինչպէս կ’ուզէք, վատի համար` ներեցէ՛ք»: Հայրենասիրութիւնը անոր համար առաջին հերթին լեզուի հանդէպ ունեցած խոնարհումն ու պաշտամունքն էր. «Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած ժառանգութիւններէն ամենէն շքեղը, ամենէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք յուզումով, հրայրքով եւ խանդաւառութեամբ: Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք»

 Զապէլը երազանք ունէր ապրիլ Հայաստանի մէջ…1926-ին իրականութիւն դարձաւ անոր բաղձանքը, որուն մասին իր տպաւորութիւնները ան զետեղեց «Պրոմեթեւս ազատագրուած» գիրքին մէջ: 1932-ին Զապէլ Եսայեան հրաւիրուեցաւ` դասաւանդելու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ (ֆրանսերէն կը դասաւանդէր բանասիրութեան բաժինը), 1933-էն հաստատուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1934-ին արդէն  ՍՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ էր. 1934 թուականին Եսայեան Եղիշէ Չարենցի‚ Դերենիկ Դէմիրճեանի եւ Միքայէլ Մանուէլեանի հետ կ’ընտրուի Երեւանի քաղաքային խորհուրդի կազմին մէջ, նոյն ժամանակաընթացքին Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի Սովետական գրողներու միութեան առաջին համագումարին, ուր Մաքսիմ Կորքիի զեկուցումէն յետոյ փայլուն ֆրանսերէնով ելոյթ կ’ունենայ ու  կը շեշտադրէ, որ գրողը պէտք չէ չէզոք դիրք գրաւէ հասարակական կեանքի տուեալ փուլին մէջ, պէտք չէ ըլլայ հեռուէն դիտողի կարգավիճակի մէջ…

 Հայոց ամենամեծ ողբերգութիւններէն հրաշքով փրկուած գրողին այստեղ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ, եւս  ծանր ու անդառնալի, ճակատագրական ողբերգութիւն մը կը  սպասուէր. 1936 թուականին Գրողներու միութեան մէջ անոր ունեցած ելոյթը կարծես գրողի Կարապի երգն էր,  որուն յաջորդեց ստալինեան բռնապետութեան այդ տարիներուն սկսած ձերբակալութիւնը. ըստ դատավճիռի`  Եսայեանին  պէտք է տանէին Սիպիր, սակայն ժամանակի հայ քաղաքական այրերու լուռ համաձայնութեամբ Երեւանի բանտէն  տեղափոխեցին Պաքու, ուր անոր անհամբեր կը սպասէին ազերի-թաթար արիւնախում  բանտապահները…այդտեղ ալ, գազանաբար յօշոտուելով, 1937-ին իր մահկանացուն կը կնքէ մեծ հայրենասէրն ու գրողը:

Իր ապրած 60 տարիներուն ընթացքին տասնեակէ աւելի հատորներու` երկերու, վիպակներու ու պատմուածքներու, թարգմանութիւններու ու գրականագիտական յօդուածներու, բանաստեղծութիւններու ու գողտրիկ, գեղարուեստական արժէք ունեցող նամակներու հեղինակ, հանրագիտարանային գիտելիքներ ամբարած Զապէլ Եսայեան մեծանուն հայուհին ապրեցաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ իր երկրային կեանքէն յետոյ, ապրիլ` որպէս «Պարպա Խաչիկ» ու «Սեբաստացի Մուրատ», որպէս «Նոր հարս» ու «Մօրեղբայր Յակոբ», որպէս «Աքսորեալ հոգի», որպէս «Մելիհա Նուրի հանըմ»,  որպէս «Սկիւտարի վերջալոյս»…

Կարինէ Աւագեան

 

 

 

 

 

Scroll Up