ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Մասնակցութեամբ Եռակողմ Հանդիպում Կիպրոսի Մէջ

Հոկտեմբեր 20-ին Կիպրոսի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի  ունեցած է եռակողմ հանդիպում ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Կիպրոսի նախագահի հումանիտար եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թէրենս Նիքոլաոս Քուիքի միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն  յայտնած են` նպաստելու հայկական, կիպրական եւ յունական սփիւռքներու միջեւ կապերու աշխուժացման ու համագործակցութեան սերտացման, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային կրնան հանդէս գալ միասնական գործողութիւններով եւ աջակցիլ իրար տարբեր խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ համագործակցելով` կարելի է առաւել արդիւնաւէտ օգտագործել երեք երկիրներու Սփիւռքի ներուժը:

Կողմերը համաձայնած են նպաստել ակադեմական  հիմնարկներու, մշակութային կեդրոններու, լրատուական խումբերու եւ գիտական կեդրոններու միջեւ համատեղ տեղեկատուական փոխանակման նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու խթանման, որոնք նպատակ ունին նպաստելու Սփիւռքի հետ կապուած հարցերու աշխուժացման:

Հանդիպումէն ետք  տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս, որուն ժամանակ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կիպրոսի նախագահի հումանիտար եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսին եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թէրենս Նիքոլաոս Քուիքին լրագրողներուն  ներկայացուցած են քննարկուած թեմաները:

Scroll Up