«Ինծի Թեւեր Կու Տան Հայկական Ոգին Ու Հայու Հպարտութիւնը».Սարգիս Վահագն

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը պէյրութահայ, այժմ ամերիկաբնակ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր Սարգիս Վահագնն է (Սարգիս Փաթափութեան), որ տարիներու անխոնջ աշխատանքով նպաստած է Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման, Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան զարգացման:

Արուեստագէտ-գրողը վերջերս մասնակցած է նաեւ «Ժամանակակից հայ գրողն ու գրականութիւնը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներու առջեւ» խորագիրով Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու վեցերորդ համաժողովին:

Որպէս սկիզբ

Սարգիս Վահագնի հրատարակած գործերէն են` «Մատանիներ» (1969 թ., Պէյրութ), «Արմատներ» (1981 թ., Երեւան),  «Տագնապը» (2000 թ. Լոս Անճելըս) պատմուածքներու ժողովածուները, «Նաիրեան մորմոք» (1982 թ., Պէյրութ), «Աշոտ Ողորմած» (1991 թ., Լոս Անճելըս) թատերգութիւնները, «Արշիլ Կորքի» (2004 թ. Լոս Անճելըս) վէպը եւ այլն: 2007 թ.ֆրանսերէնէ թարգմանած եւ հրատարակած է Շահան Շահնուրի ամբողջական բանաստեղծութիւնները` «Շուրջը ոչինչ» խորագիրով:

2008 թ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ–ն Սարգիս Վահագնին  պարգեւատրած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ շքանշանով, 2017թ. ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:

Գրականութեան զուգահեռ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է սինեմայի եւ թատրոնի նկատմամբ: 1958-1959 թթ. Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ համարուող «Նոր սինեմա» արուեստի պարբերագիրքը:

Պարո՛ն Վահագն, ուրկէ՞ են  Ձեր արմատները:

-Ծնած եմ 1927 թ. հոկտեմբեր 7-ին Պէյրութ, հայրս Նոր Հաճընէն եղած է, մայրս` Շապին-Գարահիսարէն: Նախնական կրթութիւն ստացած եմ «Աբգարեան» եւ «Սահակեան» վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդական ուսումս շարունակած եմ Պէյրութի ֆրանսական «Լիսէ» վարժարանին մէջ, որ աւարտած եմ 1945 թ.` առեւտուրի եւ հաշուապահութեան գիծով:

Մինչեւ 60 տարեկան ապրած եմ Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մէջ, ուրկէ ալ սկսած եմ գրական կեանքս: 1950-ական թուականներէն անդամակցած եմ գրական եւ մշակութային տարբեր միութիւններու, մասնակցութիւն ունեցած եմ Պէյրութի մէջ «Գրական շրջանակ»-ի կազմաւորման եւ յետագայ գործունէութեան, ուր եղած եմ վարչութեան անդամ, հանդէս եկած եմ դասախօսութիւններով:

«Գրական շրջանակ»-ի կազմին մէջ ընկերներով «Մշակոյթ» ամսագիրը հրատարակեցինք` հմտանալով նաեւ խմբագիրի մասնագիտութեան մէջ:

Ստեղծագործութիւններս հետզհետէ լոյս տեսան «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Համայնապատկեր» եւ «Առագաստ» գրական ամսագիրներուն մէջ: 1960-ական թուականներու կէսերէն պարբերաբար աշխատակցած եմ «Շիրակ» ամսագիրին, ապա մօտ տաս տարի եղած եմ ամսագիրի խմբագրական կազմին մէջ` ղեկավարելով միջազգային գրականութեան բաժինը:

Գրական, թարգմանչական, խմբագրական բեղուն գործունէութիւն  ծաւալած էք: Ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք այդ աշխարհ:

-Հայրենիքն իմ ընտանիքիս, գաղափարակից ընկերներուս համար երազ  եղած է, երջանկութիւնը Հայաստանով պէտք է սկսէր եւ վերջանար մեզի համար: Բոլորս միշտ մտածած ենք Հայաստանի պաշտպանութեան եւ զարգացման համար:

Հօրս մահէն ետք , դժբախտաբար, իմ հայրենադարձուիլս չի յաջողեցաւ: Մօտ 20 տարեկան էի, երբ գիշեր մը անցուցի ներգաղթի գրասենեակին առջեւ, որպէսզի առաւօտեան ինծի թոյլատրէին հայրենիք երթալ, սակայն բոլոր ջանքերս ապարդիւն էին. գրասենեակի աշխատակիցներէն մէկը  հարցուց, թէ ուրկէ են ծնողներս, եւ իմանալով, որ հայրս մահացած է, ան ըսաւ` ետ վերադառնամ, մօրս մինակ չձգեմ, որ դեռ  շուտ է հայրենադարձուելու համար:

Այդ ամէնէն ետք  յանկարծ գլխուս միտք ծագեցաւ, որ Հայրենիքը պաշտպանելու, հայրենասիրական ոգի արթնցնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը նաեւ գրականութիւնն է:

Այդ գաղափարն ինծի համար առաջին եւ կարեւոր մղիչ ուժը դարձաւ: Սկիզբը հայրենասիրական թեմայով բանաստեղծութիւններ գրեցի, յետոյ անցայ արձակի ժանրին, որ մարդու ներաշխարհը պեղելու աւելի լայն հնարաւորութիւն կու տայ:

Եր՞բ  առաջին անգամ Հայաստան այցեած էք  եւ ի՞նչ առիթով:

-1970 թուականին` «Մատանիները» գիրքը հրատարակելէ յետոյ, ապա 1989թ. Գրողներու միութեան համագումարին մասնակցելու նպատակով եկայ: Սկսայ այցելութիւններս Հայաստան յաճախակի դարձնել աղջկաս հանդիպելու պատճառով. ան այդ ժամանակ կ’ուսանէր Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարանին մէջ: Անկախացումէն յետոյ Հայաստան երրորդ անգամ կու գամ:

Լիբանանի մէջ տիրող ներքին պատերազմական իրավիճակին պատճառով  մենք հարկադրուած տեղափոխուեցանք ԱՄՆ: Որքան ալ փորձեցինք տոկալ, բայց, այնուամենայնիւ, վճռական քայլ պէտք է կատարէինք: Մինչ այդ հասցուցած էի Պէյրութի մէջ «Նաիրեան մորմոք»-ը գրել: ԱՄՆ հաստատուելէ յետոյ երկրորդ ներկայացումը «Աշոտ Ողորմած»-ը դարձաւ, որ, ցաւօք, առ այսօր չէ բեմադրուած, սակայն դրուատանքի խօսքեր  լսած եմ այդ աշխատանքիս մասին: Հրատարակած եմ նաեւ պատմուածքներուս երրորդ հատորը` «Տագնապը»:

Այդ ընթացքին մտորումներուս մէջ ամերիկահայ ճանչցուած նկարիչ Արշիլ Կորքին էր (Ոստանիկ Ադոյեան): Սկսայ նկարիչին մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, երթալ անոր այցելած  քաղաքները` Նիւ Եորք. Սան-Ֆրանսիսքօ եւ այլն, նոյնիսկ ինքնասպանութեան վայրը գացի: Փաստագրական շատ նիւթեր հաւաքելով` գրեցի «Արշիլ Կորքի» վէպը, որ արժանացած է Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան գրական եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակներուն:

Ձեզ ստեղծագործական ճախրանքի, ոգեշնչման համար ի՞նչը  թեւեր կու տայ:

-Հայկական ոգին ու հայու հպարտութիւնը, մէկ բառով ` Հայրենիքը: Մենք Հայրենիքը սիրեցինք առանց նախապայմաններու, քանի որ այն մերն է, մեր էութեան մէկ մասնիկը: Իմ ստեղծագործական գործունէութեան առանցքին հայութեան դրուատանքը, հայապահպանութիւնն ու հայու արմատները փորփրելն է:

Իմ կեանքիս մէջ մեծ է նաեւ կնոջս` Հայկուհիին դերակատարութիւնը: Ան միշտ կողքս  եղած է , խորհուրդներ տուած` քաջալերելով բոլոր նախաձեռնութիւններուս մէջ: Ի դէպ, ան ուսուցչուհի եւ երկար տարիներ դպրոցի տնօրէն  եղած է:

Ձեր ամփոփ պատասխանը  նոր հարց առաջացուց մօտս. ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞րն է, ըստ Ձեզի, հայերու դերն աշխարհի մէջ:

–Հայերու դերն աշխարհի մէջ լոյս տարածելն է: Այնտեղ, ուր հայերը հաստատուած են, արարած ու շէնցուցած են: Բոլորս ալ գիտենք, որ արուեստի, գրականութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ նշանաւոր շատ դէմքեր ունինք, որոնք աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ  դարձած են:

Երբ խելացի հայ երիտասարդներու կը հանդիպիմ, անմիջապէս կը զգամ, որ մեր ապագան յուսալի ձեռքերու մէջ կը  գտնուի: Կինս ալ այդ կարծիքին է. ան միշտ կ’ըսէ, որ հայ երիտասարդները պիտի  փոխեն Հայաստանի ապագան:

Պարո՛ն Վահագնսիրելի բանաստեղծներ ունի՞ք:

-Անվարան կրնամ ըսել, որ իմ սիրելի բանաստեղծներէս են Եղիշէ Չարենցը, Պարոյր Սեւակը, Վահան Տէրեանը, Վահագն Թէքէեանը, Միսաք Մեծարենցը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն: Միշտ կ’ընթերցեմ Եղիշէ Չարենցի ու Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները:

Հարկ կը  համարեմ ըսելու` Վահան Թէքէեան առաջինը յստակ բնորոշեց Հայաստանի խորհրդայնացումը, իսկ Եղիշէ Չարենցը փոթորիկ է: Անոր «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան ամէն մէկ տողը հոգեցունց է:

Ծանրաբեռնուած աշխատանքէն ետք  լաւագոյն հանգիստի, լիցքաթափման միջոցը ի՞նչ էՆախասիրութիւններ ունի՞ք:

-Շատ կը սիրեմ նկարչութեամբ զբաղուիլ, քանի որ այդ միջոցով լիովին կը հանգստանամ եւ կը թօթափեմ յոգնածութիւնս: Կը նկարեմ բնանկարներ, ծաղիկներ:

Նախասիրութիւններէս է նաեւ խոհարարութիւնը. լիբանանեան, հայկական համեղ ուտեստներ կը պատրաստեմ, որոնք ընտանիքիս անդամներն ու ընկերներս շատ կը հաւնին:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

 

 

Scroll Up