«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն – 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը „Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար“  2017 թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերուն`

  1. „Մայրենիի պաշտպան“ (անհատներ),
  2. „Լաւագոյն հայկական կրթօջախ“,
  3. „Երիտասարդական, ուսանողական կ’ազմակերպութիւն“,
  4. „Ազատ Արցախ“ եւ „Մայիս` յաղթանակների ամիս“ մանկապատանեկան լաւագոյն   ստեղծագործութիւններու մրցոյթ (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, գրական փորձ եւ այլն):

„Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար“ մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցով կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել եւ արժեւորել այս ուղղութեամբ հայկական համայնքներու գործունէութիւնը:

1. „Մայրենիի պաշտպան“ (անհատներու համար) մրցոյթի կազմակերպման նպատակն է խրախուսել սփիւռքեան կառոյցներ ու անհատներ, ովքեր մեծ ներդրում ունին մայրենիի պահպանման, տարածման, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող համայնքային կազմակերպութիւններ, կրթօջախներ, մշակութային հաստատութիւններ, մայրենի լեզուի ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, մշակոյթի եւ գրական գործիչներ:

2. „Լաւագոյն հայկական կրթօջախ“ մրցոյթի նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, հայապահպանական ծրագրերու իրականացման գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունեցող հայկական կրթօջախները, խթանել անոնց ստեղծումն ու ազգապահպան գործունէութիւնը:

3. „Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն“ մրցոյթի նպատական է աշխոյժացնել եւ խրախուսել Սփիւռքի երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը` կարեւորելով անոնց դերակատարութիւնը համահայկական, համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող երիտասարդական կառոյցները, ինչպէս նաեւ` ուսանողական կազմակերպութիւնները, որոնք.

  • Գրանցուած են տուեալ երկրի օրէնսդրութեան համապատասխան կամ կը գործեն տեղի հայկական համայնքի, մշակութային, եկեղեցական կառոյցներուն կից կամ համալսարաններու մէջ:
  • Ունին առնուազն երեք տարուան գործունէութեան փորձ:

4.“Ազատ Արցախ“ եւ „Մայիս` յաղթանակների ամիս“ մանկապատանեկան լաւագոյն ստեղծագործութիւններու մրցոյթը (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, գրական փորձ եւ այլն) նպատակ ունի նպաստել հայրենասիրական զգացումներու, ազգային ինքնագիտակցութեան, պատմական եւ մշակութային գիտակցութեան ձեւաւորմանն ու զարգացման:

Մասնակիցները կրնան ներկայացնել արուեստի տարբեր ոլորտները ներկայացնող աշխատանքներ` նկար, քանդակ, փայտագործական, խեցեգործական իր/առարկայ, երաժշտական ստեղծագործութիւն, բանաստեղծութիւն,  շարադրութիւն եւ այլն:

Աշխատանքները ներկայացնելու ժամանակ պէտք է նշել` հեղինակի անունը, ազգանունը, տարիքը, բնակութեան երկիրը, քաղաքը, ստեղծագործութեան անուանումը, հասցէն (ելեկտրոնային) եւ հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ կրթօջախը, մշակութային հաստատութիւնը, մանկապատանեկան կեդրոնը, արուեստի դպրոցը կամ խմբակը, ուր կը սորվի ստեղծագործութեան հեղինակը (տուեալները թերի ներկայացնելու պարագային դիմումը չ��?ընդունուիր):

Մրցոյթը կ��?իրականացուի երկու հանգրուանով.

  1. Համայնքներէն ներս կ��?իրականացուի մրցոյթի առաջին հանգրուանը, որուն արդիւնքով ընտրուած ստեղծագործութիւնները կ��?ուղարկուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:
  2. Երկրորդ հանգրուանին նախարարութեան կողմէն ձեւաւորուած մրցութային յանձնախումբը աշխատանքներու գնահատման արդիւնքով կը յայտարարէ մրցոյթի յաղթողները:

ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՑԱՆԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ԼՐԱՑՈՒԱԾ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՆՉԵՒ 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 30:

Մրցոյթներու արդիւնքները կ’ամփոփուին 2017 թ. Դեկտեմբեր ամսուն:

Մասնակցութեան դիմումին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել.

– կրթութեան մասին փաստաթուղթ (պատճէնը),

– համայնքի, կառոյցի կամ դպրոցի կողմէն տրուած բնութագիր-երաշխաւորագիր (հաստատուած կնիքով եւ ղեկավարի ստրոագրութեամբ),

– իւաքանչիւր անուանակարգի համար դիմողի գործունէութեան նկարագիր,

– նիւթեր, ներառեալ` տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու դիմողներու կողմէն իրականացուած հայապահպանական ծրագիրներու մասին: Մրցութային յանձնախումբը կրնայ դիմել դիմորդին` վերջինիս գործունէութիւնը լուսաբանող լրացուցիչ տպագիր նիւթեր, գիրքեր, հրատարակութիւններ, տեսաերիզներ, լուսանկարներ եւ այլ լրացուցիչ նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով:

Ներկայացուած դիմումները կ’ուսումնասիրուին մասնագիտական մրցութային յանձնախումբի կողմէն:

Դիմումը կրնաք ներբեռնել www.mindiaspora.am նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն կամ www.hayernaysor.am ելեկտրոնային թերթէն, լրացնել, ստորագրել, համայնքային կազմակերպութեան (կամ եկեղեցւոյ) կամ կրթօջախի կողմէն տրուած երաշխաւորագրի հետ միասին ուղարկել [email protected], [email protected], [email protected] ելեկտրոնային հասցէներուն:

Մրցանակաբաշխութեան իրականացման պատասխանատու` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութիւն (հեռ.` +374 10 58 56 01 (7-00), +374 60 500-830):

„Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակելի աւանդի համար“ համահայկական ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան 2017 թ. մրցոյթներու արդիւնքներու մասին տեղեկատւութիւնը կը տեղադրուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջի մէջ` www.mindiaspora.amկամ www.hayernaysor.am „Հայերն այսօր“ ելեկտրոնային թերթի մէջ:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

EritasardakanKazmakerputyun LavaguynKrtojax Mayrenii.pasht.anhat

Scroll Up