Տիգրան Չուխաջեանին Նուիրուած Ձեռնարկ Փարաքարի Դպրոցին ՄԷջ

Մարտ 24-ին Արմաւիրի մարզի Փարաքարի հիմնական դպրոցի IV դասարանի աշակերտները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայ մեծերը»  ծրագիրի ծիրէն ներս ներկայացուցին ` նուիրուած երգահանին,  Տիգրան Չուխաջեանին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, ձեռնարկը կազմակերպած էին դասվար Զ. Մկրտչեան եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Ք. Օհանեան: Աշակերտները ներկայացուցին երաժշտութիւնը որպէս արուեստի տեսակ, որուն հիմքին մէջ ինկած են ձայնը եւ լռութիւնը: Բացատրեցին, թէ ինչ կը զգան ու կը  մտածեն  երաժիշտները, երգահանները, երբ կը ստեղծեն յետագային չմեռնող երաժշտութիւն: Ներկայացուցին Տիգրան Չուխաջեանի կենսագրութիւնը, ստեղծագործութիւնները, դիտեցին հատուած «Արշակ Երկրորդ» օփերայէն: Կատարեցին նաեւ բեմականացուած հատուած «Լեպլեպիճին» թատերգութենէն:

Ձեռնարկը  դիտեցին եւ գնահատեցին դպրոցի տնօրինութիւնը` տնօրէն Կ. Մակարեանի ղեկավարութեամբ, ուսուցչական կազմը: Ձեռնարկը, որ նախատեսուած էր դպրոցի IV-VI դասարաններուն համար, արժանացաւ բարձր գնահատանքի:

%d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%84%d5%a1%d6%80 %d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%84%d5%a1%d6%801 %d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%84%d5%a1%d6%803 %d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%84%d5%a1%d6%804 %d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%84%d5%a1%d6%805

 

 

 

Scroll Up