Գաւառի Մշակոյթի Տան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տուտուկի Եւ Հայկական Այլ Նուագարաններու Փառատօնի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Գաւառի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

2016թ. «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կ’իրականացուի ՀՀ Նախագահի բարձր հովանիի ներքոյ եւ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակին:

 2012 թուականէն, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ աւանդական դարձած Տուտուկի փառատօնը իր ազդեցութիւնը ունեցած է հայկական ծիրանափողը աւելի հանրահռչակելու գործին մէջ, նաեւ հնարաւորութիւն  ստեղծուած է Սփիւռքի տարբեր հատուածներու մէջ ապրող ու ստեղծագործող հայ տուտուկահարներուն եւ օտար կատարողներուն իրենց արուեստով ներկայանալ Հայաստանի մէջ:

Ձեռնարկը մեկնարկեց Հայկական ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի ելոյթով:

Ելոյթ ունեցան  ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Գէորգ Դաբաղեանի անունը կրող դպրոցի սաները, Տուտուկահարներու մանկական եռեակը` «Ժողովրդական երգերու շարան»-ով:

Գանատայէն ժամանած մեր հայրենակիցներ Էտուարտ Ճերճիյեանի եւ Մատիանա Թորոսեանի կատարմամբ հնչեցին  «Տրապիզոնեան պար» եւ «Մշոյ աղջիկ,, ստեղծագործութիւնները: Ռոպերթ Պետրոսեանի «Հաւատի երգը» Հայկական ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի նուագակցութեամբ (գեղարուեստական ղեկավար` ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆէսոր Նորայր Դաւթեանի) կատարեց սիրուած երգիչ Հայկ Եսայեան:

Ելոյթ ունեցան Ս. Փեթերսպուրկէն ժամանած, ազգութեամբ Քորէացի Վալերի Նամը, Թիֆլիսիէն` Իւանէ Մկրտչեան:

Թեհրանի  «Խոյագարան Մեհր» կանանց անսամբլը հայկական ստեղծագործութիւնները կատարեց իրանական աւանդական գործիքներով:

ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Գէորգ Դաբաղեանի նուագակցութեամբ եւ երգիչ Գուրգէն Դաբաղեանի կատարմամբ հնչեց «Ղարաբաղի հորովել» ստեղծագործութիւնը:

Արցախցի տուտուկահարներ Նորայր Սահակեան, Սեդրակ Աւագեան եւ Համլէտ Դաշեան կատարեցին Արամ Խաչատրեանի «Պեպոյի երգը»:

Ռուսաստանի Դաշնութեան Տոնի Ռոստով քաղաքէն ժամանած  համամիութենական 9 մրցանակներու դափնեկիր Եուրա Սարգսեան ներկայացուց «Հայկական պարերու շարք»: Հալէպահայ Ճորճ Վանեսեանի կատարմամբ հնչեց «Ժողովրդական պար-Պինկէոլ» ստեղծագործութիւնը:

Համերգը եզրափակուեցաւ Գերմանիայէն ժամանած երաժիշտներու ելոյթով: Պեռլինէն Գրեգոր Շուլէնպերկը կատարեց Կոմիտասի «Խնկի ծառ» ստեղծագործութիւնը: Գերմանացի տուտուկահար Սեորէն Պիրկէին նուագակցեցան Ոււէ Ֆիշերը, Աքսէլ Լորէնցը եւ երգահան Տիրք Միքայէլիսը: Հնչեցին Տիրք Միքայէլիսի ստեղծագործութիւնները:

Փառատօնի մասնակիցներուն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն ողջունեց եւ բարի երթ մաղթեց նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան: Ան փառատօնի մասնակիցներուն յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրերն ու հաւաստագիրները:

12 34 5 6

Scroll Up