Մուշեղ Իշխան 100 Տարեկան

Հոկտեմբեր 6, 2013: Երեկոյեան ժամը 6:30-ն է: Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարան: Խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած է յիշատակելու վաստակաւոր գրագէտ, թատերագիր, բանաստեղծ եւ դաստիարակ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100-ամեակը: Կառատունը լեցուած է: Մարդիկ շուարած են` ո՞ւր կանգնեցնել ինքնաշարժները, մինչ այդ սրահը արդէն լեցուած է: Հազիւ սրահէն ներս մտած` գրադարանին տնօրէնութիւնը կը հրահանգէ փակել դռները: Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը խիստ է: Կարելի չէ սահմանուած թիւէն աւելի մարդ ընդունիլ: Օրէնքը բոլորին համար է անխտիր: Անկիւն մը վրայ վրայի դիզուած քանի մը աթոռներ կը տեսնեմ: Անմիջապէս հատ մը առնելով` կ՛երթամ եւ կը տեղաւորուիմ անկիւն մը: Ոտքի չեմ, եւ իրաւունք չունին զիս սրահէն դուրս հանելու: Նոյն վայրկեանին անձ մը, «Կը ներէք» ըսելով` աթոռ մը շալկած դժուարութեամբ կը հասնի ճիշդ քովս, եւ… «Հրամեցէք, խնդրեմ` նստէք»: Աթոռը վերապահուած է Մուշեղ Իշխանի զաւկին Արմիկ Ճենտերեճեանին, որ ինծի պէս վերջին վայրկեանին հասնողներէն է:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ընկերակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ:

Պարտք կը զգամ յիշելու տոքթ. Մհեր Պապեանին անունը, որ ճեմարանականներու կողմէ իբրեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ` մեծապէս նպաստեց ձեռնարկի յաջողութեան:

Օրուան հանդիսավարն է  Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ զոյգ բանախօսներ` տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, որ ներկայացուց «Մուշեղ Իշխան դաստիարակը», եւ տոքթ. Սահակ Պաղտասարեան, որ փոխանցեց շրջանաւարտի սրտի խօսքը: Երկու բանախօսներն ալ ճեմարանաւարտ են եւ իրենց խօսքերուն մէջ յաճախ կը մէջբերեն  Մուշեղ Իշխանի բոլորին ծանօթ հիւմուրէն օրինակներ: Հաճելի է վերյիշել դասարանին մէջ պատահած դէպքեր, դրուագներ, որ Խաղաղականի այս օտար ափերէն մեզ կը փոխադրէ մեր սիրելի ճեմարանը:

Մէջ ընդ մէջ տեղի կ՛ունենայ  գեղարուեստական յայտագիր` գաղութիս ծանօթ արուեստագէտներու կողմէ:

Երրորդ բանախօսն է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ տոքթ. Մինաս Գոճայեան, որ կը ներկայացնէ օրուան մեծարեալին` Մուշեղ Իշխանի  գրականութեան այլազան բնագաւառները, բանաստեղծութիւն, արձակ, վէպ եւ թատրերգութիւն: Մուշեղ Իշխանի գործերը ամբողջութեամբ կարդացած եմ, սակայն զիս ամենաշատը տպաւորած է «Իմ ուսուցիչներս» հատորը: Երանի կու տամ, որ ունեցած է Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի նման ուսուցիչներ: Իսկ մենք արդեօք նուա՞զ բախտաւոր ենք: Մենք ալ մեր կարգին ունեցած ենք Մուշեղ Իշխանը: Երբ բանախօսը կը խօսի սոյն հատորին մասին, վայրկենական կը մտածեմ. «Երանի ես Մուշեղ Իշխանի գրելու յատկութեան մէկ պզտիկ մասնիկը ունենայի, անվարան պիտի գրէի իմ ուսուցչիս` Իշխանին մասին: Իշխան, բառին իսկական առումով: Միայն ուսուցիչ չէ, ինչպէս  տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան նշեց, «Պապա ուսուցիչ» է: Հապա՞ իր աշակերտներուն մօտենալու ձեւը, այնքա՛ն իւրայատուկ:

Հանդէսի աւարտին բեմ կը հրաւիրեն Մուշեղ Իշխանին զաւակը` Արմիկ Ճենտերեճեանը: Արմիկ ո՛չ բանաստեղծ է, ո՛չ գրագէտ եղեր է, ո՛չ ալ ճարտասան: Հոգեբուժ է, այնքա՜ն տարբեր իր սիրելի հօրմէն, սակայն հակառակ յանպատրաստից բեմ հրաւիրուելուն` կը կարողանայ քանի մը վայրկեանի մէջ ամփոփել հօրը ներաշխարհը: Նախ կը շեշտէ,  թէ հայրը վստահաբար շատ ուրախ պիտի ըլլար, երբ տեսնէր ճեմարանականներ եւ թէքէեանականներ միացած կը տօնեն իր հարիւրամեակը, մանաւանդ երբ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Կը յիշէ, նաեւ, թէ Դանիէլ Վարուժան, իբրեւ հայ բանաստեղծ, եւ Ալպեր Քամիւ` ֆրանսացի գրող, երկուքը եղած են իր հօր հերոսները: «Ուրախ եմ, որ վերջապէս հօրս ծննդեան իսկական թուականը ճշդուեցաւ», կը շեշտէ ան: Մուշեղ Իշխանի ծննդեան թուականը միշտ ալ յիշուած է 1912-էն 1914-ի միջեւ, եւ յիշեցուց նաեւ, որ յայտնի գրող Անդրանիկ Ծառուկեան, որ դասընկեր եղած է Իշխանին, ամէն անգամ որ իրենց երթար, կը կատակէր, «Ամէն մարդ մէկ անգամ կը ծնի, իսկ դուն երեք անգամ ծնած ես»:

Մարմնով սրահին մէջ եմ, մտքով` հեռու, ծննդավայրս` Լիբանան, Ճեմարան: Նոյն դասարանին մէջ ենք բոլորս մեծով ու պզտիկով եւ բոլորս ժպիտով կը վերյիշենք իր իւրայատուկ հիւմուրը:

– Աղջիկ քիչ մըն ալ դուն քեզմէ գրէ, կը բաւէ քովինիդ նայիս:

– Քոփի ընելով ալ մարդ կը սորվի… Քոփի ըրէք` միայն բան մը գրեցէ՛ք:

Օր մը Սեդան շարադրութիւն մը գրած էր, մեծ մասը` խօսակցութիւն կա՛րճ կտրո՛ւկ:

Պարոն Մուշեղը բարձրագոյն նիշը դրաւ եւ կարդաց  բոլորիս:

Շատ զարմացանք, որովհետեւ մինչեւ այն ժամանակ  մեր շարադրութիւնները հազար ու մէկ ածականներով կը զարդարէինք: Կը յիշեմ պրն. Մուշեղին խօսքը:

«Պայման չէ, որ ըսելիքնիդ զարդարէք, երկարէք աւելորդ պակաս ածականներով: Կարեւորը` ճիշդ նախադասութիւններ կազմելով ընթերցողը գրաւէք»:

Սահակ Պաղտասարեան գրաւորի ժամանակ թոյլ կու տայ, որ քովի ընկերը ընդօրինակէ: Պարոն Մուշեղ` առանց բարկանալու.

«Սահա՛կ, այդ թուղթդ քիչ մըն ալ անդին տար, խեղճ տղուն աչքերը ծռեցան»:

Պարոն Մուշեղ գրատախտակին վրայ կը գրէ գրաւորի հարցումները, գիտէ` ինչ կը պատահի ետեւը դասարանին մէջ.

«Գիրքերը կրնաք գոցել, հիմա  պիտի դառնամ»:

Օտար վարժարան յաճախող աշակերտուհի մը անձնական դասեր կ՛առնէ Մուշեղ Իշխանէն: Պարոն Մուշեղ սրբագրած ժամանակ կը նկատէ,  թէ էջը լեցուն է տառասխալներով: Էջի վերջաւորութեան երբ կը նկատէ, թէ լման էջը կարմիր մելանով սրբագրուած է, ձանձրացած`

«Այսօր ալ գաղափար»-ը «ք»-ով թող գրուի»:

Վազգէն հայոց պատմութեան պահուն անզգալաբար բարձր ձայնով կը սկսի երգել «Tombe la neige» երգը: Պարոն Փամպուքեան ջղայնացած դասարանէն դուրս կը դնէ զայն: Նոյն վայրկեանին տիկին Գոհար դէմը ելլելով` կը հարցնէ դուրս դրուելուն պատճառը, եւ երբ կ՛իմանայ, կատակով, «Ի՞նչ երգեցիր»: «Ես իմ անուշ Հայաստանի» կ՛ըլլայ Վազգէնին պատասխանը, մինչ այդ պարոն Մուշեղ լսելով խօսակցութիւնը`

«Տիկին Գոհար, մենք չենք գիտեր քաջալերել արուեստը, փոխանակ գնահատելու`  դասարանէն դուրս կը դնեն խեղճ տղան»:

Գրաւորի ժամանակ պարոն Մուշեղ կը նկատէ, թէ երկու հոգի անդադար իրարու  թուղթ կ՛առնեն կու տան, բաւական մը համբերելէ ետք`

«Ամէն ինչ տեսած էի, սակայն «օրթախութեամբ» ալ գրաւորի չէի հանդիպած»:

Սրբուկը պէտք է արտասանէ բանաստեղծութիւն մը: Ժամանակ չէ ունեցած սորվելու, շատ հաւանաբար մէկ գիշեր առաջ ՀՄԸՄ-ի ակումբն էր` երկար ատեն պասքեթպոլի փորձերով զբաղած: Գիրքը դրած է իր առջեւ նստող Վաչէին կռնակը եւ փոխանակ արտասանելու` կը կարդայ: Վաչէ անհանդարտ է, գիրքը կ՛իյնայ: Պարոն Մուշեղ փոխանակ Սրբուկին բարկանալու, դառնալով Վաչէին`

«Տղա՛յ, քիչ մը հանդարտ կեցիր, որ աղջիկը կարենայ կարդալ»:

Յանկարծ կը սթափիմ: Հանդէսը հասած է իր աւարտին: Խումբ մը ճեմարանականներ կը վազեն Արմիկին քով` շնորհաւորելու հօրը հարիւրամեակը, շատեր հիւրասիրութեան սեղան` գաւաթ մը սուրճ, կամ անուշեղէն մը համտեսելու, իսկ քանի մը հոգի` ուղղակի տուն: Յաջորդ օրը երկուշաբթի է, Լոս Անճելըսի հեւ ի հեւ վազքի ուրիշ օր մը, մինչ այդ Մուշեղ Իշխան իր յաւիտենական հանգիստը գտած, շրջապատուած Շանթով, Աղբալեանով, Օշականով ու Վրացեանով, վստահ եմ` երջանիկ է: Ո՞վ գիտէ, կրնայ ըլլալ, որ Ճեմարանի նոր մասնաճիւղ մըն ալ բացած են վերը` յաւիտենականութեան մէջ ապրողներուն համար:

«Մեր բոլորին դուն ուխտավայր Ճեմարան»:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2013

 

 

 

Scroll Up