ՀԲԸՄ – ՀԵԸ « Անդրանիկ » Սկաուտական Բանակումի Մասնակիցներուն Այցը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան հետ ՀԲԸՄ-ի եւ անկէ ծնունդ առած Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Լիբանանի բարերարներու եւ պատասխանատուներու համագործակցութիւնը  միշտ եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ շատ ամուր: Անսակարկ  եւ ազգանուէր աշխատանքով օրէ օր աւելի կ՛ամրապնդուի մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն  կապը Մայր հողին, հայրենիքին եւ ազգային արմատներուն:

Անցեալ Մայիսին,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան յարգարժան ատենապետը՝ Պրն. Վիգէն Չերչեան, պետական յատուկ հրաւէրով մասնակցեցաւ Եղեռնի Հարիւրամեակին Կեդրոնական Մարմնի Համաժողովին: Պրն. Չերչեան , այս առիթով՝ Հայրենիքի մէջ ունեցաւ զանազան հանդիպումներ ՀԲԸՄ-ի եւ տարբեր ազգային պատասխանատուներու եւ յատկապէս 29 Մայիսին, Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին հետ, նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:

Տիկ. Նախարարուհին մօտէն ծանօթացաւ Լիբանանի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գործունէութեան ազգային, մարզական, սկաուտական եւ մշակութային ծրագիրներուն եւ գնահատանքով յաջողութիւն մաղթեց տարուած հսկայական աշխատանքին, որ կը միտի սփիւռքի հիմնական գաղութներէն Լիբանանի մէջ, հայ երիտասարդ սերունդին եւ պատանիներուն համար ստեղծել այնպիսի շարժումներ որպէսզի օտար ափերուն պահեն իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնան իրենց հայրենիքին : Պրն. Վիգէն Չերչեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին ՀԵԸ-ի Արին պարախումբին ուղղած հրաւէրին համար որ երկրորդ անգամ ըլլալով  մասնակցին ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փառատօնին  ԱՐԻ ՏՈՒՆ ծրագիրին ընդմէջէն: Պրն. Ատենապետը նաեւ տեղեկացուց թէ այս տարի եօթներրորդ տարին ըլլալով ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ  սկաուտներ եւ արենուշներ պիտի մասնակցին Լոռիի մարզին մէջ, ՀԲԸՄ-ի սեփական բանակավայրին մէջ կայանալիք  «Անդրանիկ» Սկաուտական Բանակումին:

Հոս տեղին է նշել, թէ Հինգշաբթի, 17 Յոլիսին,  ՀԵԸ-ի սկաուտներն ու արենուշները գլխաւորութեամբ Լիբանանի Վարիչ Տնօրէն  Գէւորգ Սանթուրեանին եւ ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան Գանձապահ Պրն. Վաչէ Մելքոնեանին  այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան նախարարուի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի եւ  պատասխանատուներուն հետ ու տեսաերիզի ցուցադրութեան հետեւելով մօտէն ծանօթացան հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ տարուած ազգապահպանման մեծ աշխատանքին: Ապա՝ Տիկ. Նախարարուհիին յանձնեցին Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յուշանուէր մը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ հիւրընկալութեան եւ յարատեւ աջակցութեան ու միշտ գործակցող տրամադրութեան համար:

Նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան մեծապէս գնահատեց տարուած ազգանուէր աշխատանքը եւ ինչպէս միշտ՝ խրախուսեց պատանիները որ միշտ այցելեն իրենց հայրենիքը եւ ամուր պահապանները ըլլան իրենց ազգային արժէքներուն:

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի  Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատուներուն եւ ի մասնաւորի նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին  ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբի Յունիս 30 – Յուլիս 7-ի հայրենիքի մէջ  «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ II»  փառատօնի մասնակցութեան ընթացքին ցուցաբերած ջերմ եւ առատաձեռն հիւրընկալութեան համար ինչպէս նաեւ Յուլիս 17-ին  ՀԲԸՄ-ի « Անդրանիկ » սկուտական ճամբարի մասնակից սկաուտներուն եւ արենուշներուն սփիւռքի նախարարութեան այցելութեան առթիւ սրտբաց եւ հարազատ ընդունելութեան համար: Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի ազգանուէր, բծախնդիր  եւ հետեւողական ջանքներով վստահ ենք թէ նորանոր կամուրջներ պիտի հաստատուին Հայրենքի եւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու միջեւ :

Անդրանիկ երիտասարդական ասոցիացիա 
Կենտրոնական գրասենյակ 

unnamed (14) unnamed (15) unnamed (16)

Scroll Up